ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ. «ԻՄ ՄԷՋ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԱԾ»
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ յօդուած մը գրի առաւ, «Հայկական մենութեան 100 տարին» խորագրին ներքեւ։ Այս սրտառուչ յօդուածին մէջ Շարլ Ազնաւուր շեշտեց, թէ իր մէջ ատելութիւն չեն դաստիարակած։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր յօդուածին մէջ Շարլ Ազնաւուր նշեց. «Այո՛, սա ճիշդ է՝ ես մահացած ու չթաղուած այդ ժողովուրդին մասնիկն եմ»։
Յօդուածի սկիզբին Շարլ Ազնաւուր նշած է, թէ երկար ժամանակ քամին աւազով կը պատէր եւ մոռացութեան կը մատնէր այդ զանգուածային կոտորածը։ Միայն 1980-ական թուականներուն աշխարհի երկիրները աստիճանաբար սկսան մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը ճանչնալ՝ որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Ան խորհրդանշական զուգահեռականներով բացատրած է, թէ հալածանքները կը շարունակուին։ Այս կապակցութեամբ Ազնաւուր վկայակոչած է ոչ թէ 100 տարուան վաղեմութեամբ, այլ վերջին տարիներու փաստերը։ Հռչակաւոր երգիչը այս ամբողջին մէջ թուարկած է նաեւ Թուրքիոյ հրաժարումը՝ 2009 թուականին ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացումէն՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար եւ այդ վաւերացումի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրով պայմանաւորուիլը։
Բաց աստի, Ազնաւուր մատնանշած է Քեսապի վրայ գործուած յարձակումը, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ոչնչացումը։ Ի լրումն այս բոլորին ան խօսած է Արեւելքի քրիստոնեաներու սպանութեան եւ եզիտիներու ողբերգութեան մասին։ Ազնաւուրի մօտեցումով, այս բոլորը աղերս ունին հայկական հարցին հետ, որովհետեւ անպատժելիութիւնը վատ օրինակ մը հանդիսացած է։
Աշխարհահռչակ երաժիշտը յօդուածին մէջ վերյիշած է իր մանկութիւնն ու ծնողներուն պատմածները։ «Իմ մէջ ատելութիւն չեն դաստիարակած։ Ես քէն չեմ պահեր թուրք ժողովուրդին դէմ։ Ես գիտեմ, որ օր մը անոնք պիտի բանան իրենց աչքերը եւ իրենց կառավարիչներէն հաշիւ պիտի պահանջեն խաբէութեան տարիներուն եւ սեփական պատմութեան անտեղեակ ըլլալու համար», նշած է Ազնաւուր։
Ազնաւուր աւելի վերջ նշած է, որ ինք չի յաւակնիր դաս տալ ոեւէ մէկուն եւ հարցը բացարձակապէս այն չէ, որ Թուրքիոյ ցոյց տրուի իր մեղքը։ «Բայց մեռածները անպաշտպան են եւ անոնց յիշատակն ու արժանապատուութիւնը յարգելը ապրողներու գործն է, որպէսզի անոնք երկրորդ անգամ չսպաննուին իրենց ողբերգութեան ժխտումով», շեշտած է Ազնաւուր։
Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հասցէին քննադատութիւններ ընելու առընթեր Շարլ Ազնաւուր կշտամբանք ուղղած է նաեւ մեծ տէրութիւններու հասցէին, որոնք սորված են բարոյականութիւնը երթարկել սեփական շահերու։ Ըստ իրեն, անոնց վրայ է պատասխանատուութիւնը այն երեւոյթին, թէ նմանօրինակ աղէտները կը կրկնուին տեւաբար։ «Զէնքի վաճառականները մեր օրերուն դարձած են ատրպէյճանական նաւթաբռնապետութեան լաւագոյն բարեկամները», նշած է Ազնաւուր եւ աւելցուցած է, թէ 100 տարի անց տակաւին պտղաբեր է այն արգանքը, ուրկէ դուրս եկած է անմաքուր գազանը։
Շարլ Ազնաւուր իր յօդուածը աւարտած է լաւատես պատգամներով։ «Ուրեմն՝ յոյս կայ, որ երբեւիցէ աշխարհի այդ տարածքաշրջանը կը նմանի Ազնաւուր ընտանիքին, ուր կան քրիստոնեաներ, հրեաներ եւ մահմետականներ ու անոնց իւրաքանչիւրը ես կը սիրեմ նոյն ուժով», եզրակացուցած է աշխարհահռչակ երգիչը։