ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Կազիանթէպի մէջ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր հաւաքոյթ մը։ Քաղաքի համանուն համալսարանի համագումարներու եւ գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-ԵՄ սուրիացիներու օժանդակութեան ծրագրին բացումը՝ բարձր մակարդակով։ Հաւաքոյթին մասնակցութիւն կը բերեն Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք եւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆրանց Թիմմերմանց։
Այս այցելութեան ընդառաջ, ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Տանըլտ Թուսքի յօդուածը, ուր ան շեշտեց, թէ Եւրոմիութիւնը պէտք չէ իր անվտանգութեան բանալին տայ Թուրքիոյ ձեռքը։
Հարկ է նշել, որ վերջին վեց ամսուան ընթացքին Անկելա Մերքէլ արդէն չորրորդ անգամ կ՚այցելէ Թուրքիա։