Ի՞ՆՉ ԸՍԱՒ ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Նախքան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի Երեւան ժամանելը, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած կառավարութեան նիստի աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տալով՝ ընդհանուր շեշտադրումներ կը կատարէր ղարաբաղեան հիմնախնդրի զարգացումներու վերջին փուլին մասին: Բացորոշ է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի ներկայ փուլը մտած է քննարկումներու կարեւոր անցումային շրջան մը: Ըստ ռուսական «Քոմերսանտ»ին, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին անձամբ դիմած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն՝ անոնցմէ առաջին հերթին «խնդրելով» ամէն գնով պահպանել անցնող 5 Ապրիլին յայտարարուած հրադադարը: Վերադառնալով Շաւարշ Քոչարեանի կատարած շեշտադրումներուն՝ կարելի է ըսել, որ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարը շատ փափուկ կերպով կը խօսէր սեղանին վրայ դրուած այն ձեւաչափերուն մասին, որոնք բնականօրէն ներկայացուած են Մոսկուայի կողմէ եւ որոնց մէջ բառացուցական կերպով հարցի խաղաղ կարգաւորման ճանապարհային քարտէս մը գոյութիւն ունի: Քոչարեան, որ կը մերժէ, թէ Լաւրով Հայաստան պիտի ժամանէ պաշտօնական Երեւանէն պատասխաններ ստանալու համար, իր խօսքի կարեւոր մասը յատկացուց նրկայացնելու Պաքուի 1 Ապրիլին նախայարձակ ըլլալու փաստը եւ մանաւանդ այդ զինուորական զարգացումէն ետք միջազգային հանրութեան առջեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ցոյց տուած անտարբեր եւ նոյնիսկ անպատասխանատու կեցուածքները:
Վերադառնալով Ռուսաստանի դիւանագիտութեան պետին Երեւան կատարելիք այցելութեան՝ կարելի է նկատի առնել, որ նախքան Սէրկէյ Լաւրովի այցելութիւնը Քրեմլինի ոչ-պաշտօնական բանբեր հանդիսացող թերթերէն կարեւորագոյնը համարուող՝ «Քոմերսանտ»ը Ռուսաստանի կառավարութեան մօտ իր աղբիւրին վերագրելով հրապարակուած վերլուծական լուրը կը գրէ, թէ Ռուսաստանի կողմէ ներկայացուելիք հիմնական առաջարկը պիտի ըլլայ Յունիս 2011-ին Քազան քաղաքին մէջ տեղի ունեացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին շրջառութեան մէջ դրուած փաստաթուղթ-առաջարկն է: Այդ առաջարկը մետասաներորդ պահուն մերժուեցաւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ եւ այդ փուլէն ասդին, որեւէ կարեւոր բանակցութիւններ տեղի չունեցան: Խօսելով Քազանի մէջ մշակուած փաստաթուղթին մասին պէտք է նշել, որ այդ չկայացած համաձայնութեան հիմնական կէտը հայկական կողմէն, որոշ շրջաններ Ատրպէյճանին յանձնելուն մասին է: Այսպէս, Ատրպէյճանին պիտի յանձնուին Ֆիզուլին եւ Աղտամը, իսկ Ճեպրաիլ, Զանկելան, Քուպաթլու եւ Քարվաճառ շրջաններէն որոշ հատուածներ նոյնպէս պիտի անցնին Պաքուի տիրապետութեան տակ: Բացի այս յանձնումներէն Լաչինի անցքը պիտի շարունակէ մնալ հայկական կողմին տիրապետութեան տակ: Հողային այս խնդիրներէն զատ պայման պիտի դրուի, որ Ղարաբաղէն հեռացած բոլոր գաղթականները վերադառնան եւ Ատրպէյճան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Ապա խաղաղ շրջան մը բոլորելէ ետք տեղի ունենայ հանրաքուէ՝ վճռելու համար հայկական ղարաբաղեան տարածքի վերջնական ճակատագիրը: Այս բոլորը բնականաբար պիտի կատարուին խաղաղ պայմաններու մէջ եւ այդ խաղաղութեան ամրպնդման մէջ կարեւոր դեր պիտի ստանձնեն միջազգային հովանաւորութիւն վայելող խաղաղապահ ուժեր:
Հիմնականին մէջ ասոնք են Քազանի մէջ եղած քննարկումներուն դրուած համաձայնութեան կէտերը, որոնք մնացած են միայն գաղտնի բանակցութիւններու դռներու ետին:
Հիմա հարց կը ծագի, թէ ինչ փոխուած է այսօր, որ հինգ տարի առաջ սոյն առաջարկը մերժած Պաքուն այսօր վերատեսութեան ենթարկէ իր կեցուածքը եւ ընդունի այս ձեւաչափի առաջարկ:
Հակառակ անոր, որ մինչեւ այս պահը յստակ չեն Ռուսաստանի կողմէ ներկայացուելիք ծրագրին հիմնական կէտերը, սակայն հայկական կողմին մօտ, բացայայտ վրդովմունք կայ Ատրպէյճանին, որեւէ տարածք յանձնելուն վերաբերեալ: Բողոքի արտայայտութիւնները կը հնչեն առաւելաբար ընկերային ցանցերու վրայ, սակայն չէ բացառուած, որ դժգոհութիւնը աւելի համընդհանուր պատկեր մը ստանայ, եթէ յստակ դառնան համաձայնութեան կապուած նախապայմանները:
Այս ծիրին մէջ կարեւոր շեշտադրում կը կատարէ Ազգային ժողովէն ներս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Աղուան Վարդանեան: Ան A1+ կայանին խօսելով կ՚ըսէ, թէ ոչ միայն անտեղի, այլ անիմաստ է հողեր յանձնելու թեմային մասին խօսիլը, որովհետեւ բանակցութիւններուն վերաբերեալ մինչեւ այս պահը յստակ պատկեր չկայ: Այսինքն՝ Մոսկուայի կողմէ սեղանին դրուելիք համաձայնութեան ծրարը տակաւին կը մնայ մութի մէջ:
Շրջանային մէկէ աւելի վերլուծողներ կը գրեն, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի այս փուլը պիտի յատկանշուի Մոսկուայի շեշտակի ներկայութեամբ եւ վճռական խօսքով: Մոսկուայի Կովկասի մէջ դերին աճին ամենէն կարեւոր նախադրեալը պատերազմի վերջին «ռաուընտ»ին 5 Ապրիլին Քրեմլինի կողմէ գործադրութեան դրուած հրադադարի առաջարկն էր, որ առաջարկ ըլլալէ անդին հրամանի բնոյթ կը կրէր: Պաքու իր ունեցած ծանր վնասէն ետք, իսկ Ստեփանակերտ եւ Երեւան հակառակ իրենց ունեցած զինուորական առաւելութիւններուն եւ գետնի վրայ նոր իրավիճակ ստեղծելու ունակութեան, կը համաձայնէին խմել Մոսկուայի «լեղի բաժակ»էն: Պարզ է նաեւ, որ Լաւրովի Երեւան տալիք այցը իր կարեւոր արձագանգները պիտի ունենայ: Ռուսական «Քոմերսանտ» նոյնպէս կը գրէ, որ բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլը պիտի ըլլայ բաւականին դժուար եւ բարդ փուլ մը: Խօսելով Երեւանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին՝ կարելի է ըսել, որ սպասողական վիճակ մը երեւելի է: Մինչ տարբեր ուղղութիւններով իշխանութիւններուն հանդէպ ուղղուած քննադատութիւններու ռիթմը կը դանդաղի, անդին բոլոր կողմերը կը փորձեն Նախագահ Սերժ Սարգսեանին լռելեայն նեցուկ մը ցոյց տալ: Բնականաբար կան կողմեր, որոնք այս ընդհանուր մօտեցումով չեն առաջնորդուիր, սակայն այդ կողմերը գետնի վրայ կացութիւն մը ստեղծելու ուժականութիւնը չունին:
Աւելի քան որեւէ ժամանակ պաշտօնական Երեւանը իր բոլոր տարրերով կը սպասէ ականջ տալ Մոսկուայի կողմէ ըլլալիք առաջարկին, ու անկէ ետք է միայն, որ պիտի բնորոշուի ներքին քաղաքական կեանքի իրական պատկերը: Նախագահ Սարգսեան պիտի կարողանայ ուժեղի դիրքով նստի՞լ Իլհամ Ալիեւի դիմաց: Ահա այս է հարցումը: Արցախի հարցով Սփիւռքի եւ Հայաստանի մեծամասնութեան նեցուկը վայելող նախագահին համար կարեւոր եւ վճռական օրերու կը սպասուին: Ու անշուշտ գալիք բոլոր գործընթացները կապուած պիտի ըլլան Սէրկէյ Լաւրովի շուրթերէն հնչելիք առաջարկներուն: Այդ առաջարկներուն հիմնական մասը պիտի ըսուի Բաղրամեան 26-ի ներքին պատերէն ներս ու վստահաբար այդ առաջարկներուն ստեղծելիք մթնոլորտը պիտի տարածուի ամբողջ Երեւանի մէջ:
Ստեփանակերտի ղեկավարութեան համար գերխնդիր է, որպէս իրաւական կողմ մասնակից ըլլալ բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլին: Այս առումով նոյնպէս հիմնական բանալին կը գտնուի ռուսական կողմին մօտ, որ ամէն գնով պէտք է հաշուի առնէ հայ զինուորներուն խիզախ կեցուածքը եւ անոնց թափած արեան վաւերականութիւնը:
Յառաջիկայ օրերը շատ բան պիտի ըսեն Մոսկուայի կողմէ ներկայացուելիք առաջարկին մասին: Կը մնայ սպասել առանց աւելորդ գրգռութիւններու կամ հակառուսական հիսթէրիայի: Չորսօրեայ պատերազմը իր սաղմին մէջ խեղդած Քրեմլինը, այսօր կը պատրաստուի դիւանագիտական միաւորներ կուտակել Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման փորձերով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան