ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՎՆԱՍ…
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ լարուած ու մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու շրջագծով ծաւալուեցան բազմակողմանի քննարկումներ։ Սէրկէյ Լաւրով օրուան տեւողութեան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Նալպանտեան եւ Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան։ Լաւրովի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան Լաւրովի հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Սարգսեան շեշտեց, որ Լաւրովի այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ, երբ տարածքաշրջանին մէջ լարուած իրավիճակ մը ստեղծուած է ու ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ, որ այդ իրավիճակը պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի անպատասխանատու գործողութիւններով։ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու սկսելով՝ Ատրպէյճան անգամ մը եւս ապացուցանեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ ընդհանուր որեւէ բան չի կրնար ունենալ Ատրպէյճանի հետ։ Օգտագործելով հանդերձ իր ամբողջ զինանոցը՝ Ատրպէյճան ստացած է արժանի հակահարուածը։ Բայց Ատրպէյճանի այդ գործողութիւնները, Սերժ Սարգսեանի կարծիքով, բանակցային գործընթացը մղեցին բաւական հեռու կէտ մը։ Հայկական կողմը այդ գործընթացին մէջ եղած է շինիչ, մշտապէս վստահ եղած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ի վերջոյ պիտի ներկայացնեն հարցի լուծման իրենց մօտեցումը, հասցէական պիտի ըսեն անունը այն կողմին, որ կը հրաժարի այդ առաջարկներէն։ Բայց, դժբախտաբար, ատրպէյճանցիները համարեցին, որ իրենք կրնան անպատիժ խախտել տակաւին 1994-1995 թուականներուն ստորագրուած համաձայնագիրը եւ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած էին այս երկարատեւ բանակցութիւններու ընթացքին։ «Մենք այս փուլին սկսած ենք 2007 թուականին։ Ինն տարուան ընթացքին մենք այդ գործընթացի աշխոյժ վկան ու մասնակիցը եղած ենք, փորձած ենք գտնել փոխադարձ ընդունելի որոշումներ, ըլլալ շինիչ։ Մենք եղած ենք համոզուած, որ իսկապէս այդ հարցը կրնայ լուծուիլ բացառապէս փոխզիջումներու հիման վրայ, խաղաղ ճանապարհով, բայց, այսօր մենք ունինք այն ինչ որ ունինք։ Այս պատճառով ալ ինծի համար չափազանց կարեւոր է ձեր տեսակէտը՝ ինչո՞ւ, այնուամենայնիւ սա պատահեցաւ։ Ի հարկէ, մենք մեր պատկերացումը ունինք, բայց դուք շատ աւելի տեղեկացուած էք, այդ իսկ պատճառով շնորհակալ կ՚ըլլանք, եթէ դուք ներկայացնէք ձեր պատկերացումը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Իր կարգին, Սէրկէյ Լաւրովն ալ ընդգծեց, որ խորապէս անհանգստացած են ղարաբաղեան հարցին շուրջ պատահածներով։ Լաւրով յիշեցուց, թէ վերջին դէպքերու առաջին իսկ վայրկեանէն սկսեալ ռուսական կողմը, անձամբ Նախագահ Վլատիմիր Փութին ձգտած են կասեցնել հրադադարի համաձայնագրի խախտումները։ Այդ համաձայնագրերը ունին անժամկէտ ուժ։ Հետեւաբար, ռուսական կողմը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի այդ կարեւորագոյն փաստաթուղթերը որեւէ ձեւով կասկածի տակ չթողուի։ Թէեւ կարելի եղած է դադրեցնել արիւնահոսութիւնը, այնուամենայնիւ, իրավիճակը տակաւին վերջնականօրէն չէ կայունացած։ Ըստ Լաւրովի, մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ դէպքերու հետաքննութեան դրութեան մը հաստատուիլը, դէպքերու կանխուելուն եւ վստահութեան միջոցներու տեսակէտէ, որպէսզի առաւելագոյնս նուազի առճակատման բռնկման վտանգը։ Ռուս նախարարը յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները տակաւին հինգ տարի առաջ համաձայնութեան հասած էին այս նիւթին շուրջ։
Ըստ Լաւրովի, համապատասխան յանձնարարութիւններ տրուած էին ԵԱՀԿ-ին եւ իրենք այժմ կը փափաքին, որ շրջանային նախագահ երկիրը՝ Գերմանիա աշխոյժ ձեւով զբաղի այս նիւթով։ Լաւրովի համոզմամբ, բանակցութիւններու վերսկսման համար պէտք է իրավիճակը հանդարտի եւ մարդիկ պէտք է քիչ մը հանգստանան։ Ան աւելցուց, թէ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի ու պէտք է շարունակել ջանքեր ներդնել՝ քաղաքական կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ռուս նախարարը հանդիպման ընթացքին ըսաւ նաեւ հետեւեալը.
«Ինչո՞ւ իրավիճակը յայտնուեցաւ նման ճգնաժամային կէտի մը մէջ՝ ես չեմ կրնար որոշել Հայաստանի, Ատրպէյճանի կամ ղարաբաղցիներու փոխարէն։ Բայց ես կը կարծեմ, որ եթէ մենք յաջողէինք քաղաքական գործընթացին մէջ յառաջ շարժուիլ, թէկուզ քիչ մը, եթէ մենք թէկուզ նախանշէինք ընդհանուր սկզբունքներ, զորս կողմերը գոնէ հիմք պիտի ընդունէին արդէն իրաւականօրէն պարտաւորեցնող փաստաթուղթերու մշակման, նախապատրաստման համար, ի հարկէ, սա ոչ միայն կարեւոր դեր պիտի խաղար բանակցութիւններու վերսկսման համար, այլ նաեւ զսպող գործօն պիտի հանդիսանար բռնութեան բռնկումներու թոյլ չտալու համար։ Բայց, կը կրկնեմ, լուծման կրնան հասնիլ միայն իրենք՝ կողմերը։ Մենք փորձած ենք, կը փորձենք եւ պիտի փորձենք օգնել համանախագահներուն՝ ամերիկացիներուն, ֆրանսացիներուն հետ միասին։ Մենք ունինք միասնական դիրքորոշում եւ ինչպէս կը հասկնաք, Հայաստան կը սատարէ այդ դիրքորոշման, որով համանախագահներու երրեակը՝ ԵԱՀԿ-ի հետ միասին պէտք է շարունակէ իրականացնել հիմնական համակարգողի գործառոյթը՝ համապատասխան այն լիազօրութեան, որ կողմերու համաձայնութեամբ տրամադրուած է այդ դրութեան։ Եւ մենք չենք ողջուներ զուգահեռ ուղիներ փնտռելու, դրութիւններ ստեղծելու փորձերը, որոնք չեն վայելեր բոլոր կողմերու վստահութիւնը։ Սա միայն պատճառ կը դառնայ շեղումի հիմնական խնդիրէն՝ ապահովել անվտանգութիւն, թոյլ չտալ նոր զոհերու եւ այնուամենայնիւ ստեղծել քաղաքական գործընթացի համար պայմաններ»։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սէրկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ երէկ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ռուս նախարարը այս փուլին եւս շեշտեց, թէ հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս քաղաքական ու դիւանագիտական ճանապարհով։ Իր կարգին, Նալպանտեանն ալ յայտնեց, թէ Հայաստան եւ Ռուսաստան համակարծիք են, որ ղարաբաղեան հարցի պարագային անընդունելի է ուժի կիրառումը։ Ըստ Նալպանտեանի, Ատրպէյճանի արկածախնդրութիւնը մեծագոյն վնաս հասցուցած է բանակցային գործընթացին։ Նալպանտեան աւելցուց, թէ յստակ քայլեր անհրաժեշտ են՝ սթափեցնելու համար Պաքուն։
Սէրկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ մատնանշեց, որ ներկայ փուլին անհրաժեշտ է կրակի դադրեցման համաձայնագրերու անշեղ կատարումը։ Հարցումի մը պատասխանելով ան դիտել տուաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները կը համարուին պատերազմի կոչեր, ուստի այդ յայտարարութիւնները բացարձակապէս ընդունելի չեն։
Հայաստանի իշխանութիւններէն զանազան դէմքեր Լաւրովի այցելութեան շարժառիթով շեշտեցին, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ նոր փաստաթուղթ մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Կարգ մը մեկնաբաններ ալ Լաւրովի ասուլիսի լոյսին տակ հանդէս եկան այն հետեւութիւնով, որ Մոսկուա ընդամէնը կը փորձէ վերստին սառեցնել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Լաւրովի Երեւան այցելութեան ուշադրութեամբ հետեւեցաւ նաեւ Ստեփանակերտ։ Արցախի ղեկավարութիւնը ռուս նախարարի Երեւանի շփումներուն զուգահեռ կրկնեց իր մօտեցումը։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարեց, որ ուղղակի կենսունակ չի կրնար ըլլալ որեւէ փաստաթուղթ, որու քննարկման ու մշակման մասնակից չ՚ըլլար Արցախ։
ՇՓՄԱՆ ԳԾԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Ռուս նախարարի Պաքու ժամանման ընդառաջ Ատրպէյճանի զօրքերը շարունակեցին հրադադարի խախտումները Արցախի ճակատին վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ երէկ գիշեր շփման գծին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը աշխոյժ ձեւով կրակած են Մարտակերտի ուղղութեամբ։ Հայկական զօրքերու ստորաբաժանումներու պատասխան-գործողութիւններով՝ ճնշուած է Ատրպէյճանի նախայարձակ աշխուժութիւնը։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընի համոզմամբ ղարաբաղեան հարցին շուրջ յառաջ երթալու լաւագոյն ճանապարհը ԵԱՀԿ-ն է։ Ամերիկեան կողմը ներկայիս կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ հակամարտ կողմերուն հետ աշխատելու համար։