ԱՅՍՕՐ՝ 23 ԱՊՐԻԼ…

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը տիրէ մեծ ոգեւորութիւն։ 23 ապրիլի Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը եկած է մեծ խանդավառութեամբ համակել երկիրը՝ մինչ կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 104-րդ տարեդարձը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի թողած անգին աւանդի արժեւորման վառ փուլերէն մին է այս մէկը, որ ամբողջ երկրէն ներս կու գայ ամրապնդել այն գիտակցութիւնը, թէ բոլոր հայրենակիցներուն տեսակէտէ հասարակաց յայտարար մը կը համարուի՝ 23 ապրիլի տօնի խորհրդանշած իմաստը։

Ինչպէս բոլոր ազգային տօներուն, այս անգամ եւս ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Երկիրը կը վերանորոգէ նաեւ իր գիտակցութիւնը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան, աշխարհավար ու ժողովրդավարական համակարգի պահպանման ուղղութեամբ։

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ պետական աւագանիի յառաջատար դէմքեր կը հիւրընկալեն մանուկներ՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։ Անոնք հրապարակած են նաեւ շնորհաւորական պատգամներ։ Խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ կ՚ընդունի շնորհաւորութիւնները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024