ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԺԱՄԿԷՏ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահներու հանդիպումը ունէր բաւական ծաւալուն օրակարգ մը։
Այս այցելութեան ժամկէտը բաւական յատկանշական էր՝ քանի Ալիեւ Փութինին հետ տեսակցեցաւ՝ մինչ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը վաղաժամ դուրս կու գայ Հարաւային Կովկասէն։
Քրեմլինի մէջ իր պաշտօնակիցը ընդունելու ժամանակ Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ ուշադրութեան առարկայ է Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը։ Իր խօսքով՝ տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան ապահովման տեսակէտէ կան բազում հարցեր, որոնք շատ զգայուն են։ Փութին Ալիեւին ըսաւ. «Մենք ձեզի հետ ենք անոնցմէ իւրաքանչիւրի պարագային»։ Ալիեւը հիւրընկալելու ժամանակ Փութին նշեց նաեւ, որ Ռուսաստան շահագրգիռ բոլոր երկիրները կը հրաւիրէ՝ մասնակցելու Հիւսիս-հարաւ միջանցքի զարգացման։
Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ տեղեկացուց, որ երկու ղեկավարները աշխատանքային նախաճաշի ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւններու ընթացքին։