ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԸ

Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Ուղեւորութեան Անգարայի պաշտօնական փուլի սկսելէն առաջ, երէկ, Շթայնմայէր շփումներ ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան այցելեց Սիրքեճիի պատմական կայարանը, ուր շրջայց մը կատարեց՝ պատմաբան փրոֆ. Իլպէր Օրթայլըի ուղեկցութեամբ։ Զինքը հիւրընկալած պաշտօնատարներու շարքին կը գտնուէր նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու։ Սիրքեճիի պատմական կայարանը Շթայնմայէրի ծրագրին մէջ ընդգրկուած էր՝ հաշուի առնելով, որ Թուրքիայէն Գերմանիա մեկնած բազմաթիւ բանուորները այնտեղէն ճանապարհ դուրս եկած էին շուրջ 5 տասնամեակ առաջ։

Երեկոյեան ալ, Գերմանիոյ դեսպանութեան Թարապիոյ ամարանոցին մէջ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ՝ մասնակցութեամբ նախագահ Շթայնմայէրի։ Այս ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ ծանօթացաւ հիւր ղեկավարին հետ, որուն հետ ունեցաւ անմիջական զրոյց մը։

Շթայնմայէրի ուղեւորութեան ծրագիրը կը շարունակուի մայրաքաղաքի մէջ, ուր վաղը ան կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024