«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Մա­յի­սի 27-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին քսան­չոր­րորդ նիս­տը։ Ծա­նօթ է, որ հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու մեծ ներդ­րում կը բե­րեն ա­նոր քսան­հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն աշ­խար­հի քսա­ներ­կու եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Այդ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը սեր­տօ­րէն կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին ի­րենց գտնուած եր­կիր­նե­րու հայ հա­մայն­քին հետ, թէ՛ ան­հատ­նե­րու եւ թէ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հար­թու­թեան վրայ։

Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի տա­րե­կան ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ այս շրջա­նին հետզհե­տէ Ե­րե­ւան կը ժա­մա­նեն տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ղե­կա­վար­նե­րը։ Այժմ ար­դէն պատ­կա­ռե­լի տո­կո­սով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հա­մախմ­բուած են Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հո­գա­բար­ձու­թեան տա­րե­կան ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ ա­նոնք ու­ղե­ւո­րու­թիւն մըն ալ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն դէ­պի Ար­ցախ։

Մինչ այդ, հիմ­նադ­րա­մի տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն։ Ա­նոնք ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կալուե­ցան նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նին կող­մէ, որ ու­րա­խու­թեամբ ող­ջու­նեց զա­նոնք եւ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, թէ հիմ­նադ­րա­մի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ան­դամ­նե­րուն կող­մէ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն տրուած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան ա­ւան­դա­կան։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ծա­ւա­լած ծանր, հե­տե­ւո­ղա­կան ու պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տան­քին հա­մար։ Ըստ ի­րեն, հիմ­նադ­րա­մի օ­ժան­դա­կու­թեամբ կեան­քի կո­չուած են հա­րիւ­րա­ւոր ծրագ­րեր, ո­րոնք իս­կա­պէս տպա­ւո­րիչ են։ «Ես շատ լաւ կը ճանչ­նամ Սփիւռ­քը ու կը հասկ­նամ այն դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ա­մէն օր կը հան­դի­պիք Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հա­մար աշ­խա­տե­լու ժա­մա­նակ», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ պա­տաս­խա­նեց նաեւ ներ­կա­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Բաց աս­տի, ըն­դու­նե­լու­թեան մաս­նա­կից­նե­րէն ո­մանք պար­գե­ւատ­րուե­ցան Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նին կող­մէ։

«ԱՐԻ ՏՈՒՆ»

Միւս կողմէ, Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագիրը այս տարի պիտի սկսի Յունիսի 15-ին։ Առաջին փուլին կը ծրագրուի երկու հարիւր երախաներու Երեւան ժամանելը։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ «Արի տուն»ը կը համարուի յաջողած ծրագիր մը։ «Մեր հայրենակից երիտասարդները կու գան այստեղ, կ՚ոգեւորուին հայրենիքով ու կը վերադառնան՝ շարունակելու համար կապը հայու եւ Հայաստանի միջեւ», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015