ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱԺԱՆՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ՄԻԱՅՆ ԵՆԹԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը ծանր մար­տեր մղե­լէ ետք հա­սաւ Սու­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Դա­մաս­կո­սէն 215 քմ. հիւ­սիս-ա­րե­ւելք գտնուող Թատ­մոր (Փալ­մի­րա) քա­ղա­քի դռնե­րը: Թատ­մո­րը կամ Փալ­մի­րան ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ հաս­տա­տուած սու­րիա­կան պատ­մա­կան քա­ղաք­նե­րու ցու­ցա­կին վե­ցե­րորդն է: Պատ­մու­թեան մէջ ա­նոր մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ կը յի­շա­տա­կուի Ն. Ք. առաջին դա­րուն, երբ ան կը հա­մա­րուէր Ծո­ցի եր­կիր­նե­րէն դէ­պի Մի­ջին Ա­րե­ւելք տա­նող կա­րե­ւոր կա­յան: Փալ­մի­րան, որ ճանչ­ցուած է այլ ա­նուն­նե­րով՝ ինչ­պէս՝ «Ա­նընկ­ճե­լի քա­ղա­ք», «Հրաշ­քի քա­ղա­ք», «Ա­նա­պա­տի ոստ­րէ» եւ այլ ա­նուն­նե­րով, իր «Փալ­մի­րա» ա­նու­նը ա­ռած է հռո­մէա­ցի Ատ­րէան կայս­րէն, երբ Յ. Ք. 129 թուին կո­չուած է «Ատ­րիա­նա Փալ­մի­րա» դառ­նա­լով՝ ինք­նա­վար քա­ղաք: Ա­ւե­լի վերջ եր­րորդ դա­րուն ա­նոր Զա­նու­պիա թա­գու­հին բազ­մա­թիւ յաղ­թա­նակ­ներ տա­նե­լով հա­սած է մին­չեւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա: Նոյն թա­գու­հին 273 թուին պար­տու­թեան կը մատ­նուի եւ Օր­լէան կայս­րին կող­մէ որ­պէս ռազ­մա­գե­րի կը տա­րուի Հռոմ: Հա­զա­րէ ա­ւե­լի սիւ­նե­րով հա­րուստ այս քա­ղա­քը մին­չեւ 2011 թուա­կա­նը, այ­սինքն Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին սկիզ­բը, տա­րե­կան կտրուած­քով կ­­՚ըն­դու­նէր 150 հա­զար զբօ­սաշր­ջիկ: Թատ­մոր քա­ղա­քը նաեւ յայտ­նի է Է­սա­տի վար­չա­կար­գի ա­մե­նէն տան­ջա­լից պայ­ման­ներ ու­նե­ցող բան­տե­րէն մէ­կով:

AFP լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­մա­ձայն Փալ­մի­րա­յի գրա­ւու­մով Ի­ՇԻՊ տի­րա­պե­տած կ­­՚ըլ­լայ Սու­րիոյ տա­րա­ծու­թեան գրե­թէ կէ­սին, այ­սինքն շուրջ 90 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լօ­մեթր տա­րա­ծու­թեան:

Երբ ա­միս­ներ ա­ռաջ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով վեր­լու­ծա­բան­ներ կը խօ­սէին Սու­րիան բաժ­նե­լու ծրագ­րի մը մա­սին, այդ մէ­կը ան­կա­րե­լի կը հա­մա­րուէր: Այ­սօր սա­կայն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը տար­բեր է: Մինչ Պե­շար Է­սա­տի ու­ժե­րը լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ»ին կռնակ տա­լով կը յա­ջո­ղին դրա­կան ձեռք­բե­րում­ներ ու­նե­նալ յատ­կա­պէս Լի­բա­նա­նի հետ սահ­մա­նա­յին շրջան­նե­րուն վրայ (Քա­լա­մուն, Ֆլի­թա, Պա­րուհ եւ Մու­սա լեռ­նա­գա­գաթ­ներ), ան­դին Սու­րիոյ հա­րա­ւա­յին եւ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ կ՚անց­նէին ընդ­դի­մու­թեան տար­բեր հատուած­նե­րու ձեռ­քը: Սկսեալ Իտ­լիպ նա­հան­գէն ու հաս­նե­լով մին­չեւ Ա­րի­հա կո­չուած շրջա­նը: Տա­կա­ւին ծանր մար­տեր կը մղուին տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ ու նոր ե­րե­ւե­ցած «Ժայշ Էլ Ֆաթ­հ» ջո­կա­տը կա­րե­ւոր յաղ­թա­նակ­ներ կը գրան­ցէ: «Հիզ­պուլ­լահ»ի հա­մար կա­րե­ւոր կը մնայ նաեւ փա­կել դէ­պի լի­բա­նա­նեան Ար­սէլ ա­ւան Սու­րիա­յէն անց­քը: Պէտք է յի­շեց­նել, որ Ար­սէ­լը լի­բա­նա­նեան սիւ­ննի բնակ­չու­թեամբ ա­ւան մըն է, ո­րուն բնակ­իչ­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 40 հա­զա­րի: Ար­սէլ ա­ւա­նի խնդի­րը ներ­լի­բա­նա­նեան ա­ռու­մով եւս կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի: Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով այս ա­ւա­նը հան­դի­սա­տես ե­ղած է վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րու եւ մտա­վա­խու­թիւն կայ, որ «Հիզ­պուլ­լահ» փոր­ձէ ա­մէն գնով լի­բա­նա­նեան բա­նա­կը Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր զօր­քե­րուն հետ նոր բա­խում­նե­րու տա­նիլ: Այս խնդի­րը նոր շեշ­տադ­րում կը ստա­նայ մա­նա­ւանդ Ի­րա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի խորհր­դա­տու եւ նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ՝ Ա­լի Էք­պէր Ո­ւի­լա­յա­թիի Պէյ­րութ ու ա­պա Դա­մաս­կոս տուած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն ետք: Պէտք է միշտ վեր­յի­շել, որ Ի­րան-Ա­րեւ­մուտք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր ո­րե­ւէ լա­րուա­ծու­թիւն ուղ­ղա­կիօ­րէն կրնայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ Լի­բա­նա­նի վրայ: Այ­սինքն «Հիզ­պուլ­լահ»ն է, որ կը շար­ժէ ի­րա­նեան քա­րե­րը շրջա­նին մէջ եւ այդ­պէ­սով Ի­րան կը փոր­ձէ միա­ւոր­ներ հա­ւա­քել: Յո­ռե­գոյն պա­րա­գա­յին ի­րան­ցիք կրնան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձա­խո­ղու­մը յե­տաձ­գել կամ ի­րենց պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւել: Ի­րա­նի հա­մար Եէ­մէ­նի «պար­տուա­ծ» խա­ղա­քար­տէն ետք Սու­րիան ու Լի­բա­նա­նը ան­սա­կար­կե­լի են: Նոյն շրջա­գ­­ծին մէջ պէտք է տե­ղադ­րել ի­րան­ցի դի­ւա­նա­գէ­տին Դա­մաս­կո­սի մէջ ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, երբ ան ան­տե­սե­լով վար­չա­կար­գին վեր­ջին շրջա­նին կրած պար­տու­թիւն­նե­րը կը գո­վեր­գէր է­սա­տեան ու­ժե­րուն «սխրանք­նե­րը»: Իտ­լի­պի պար­տու­թիւ­նը Է­սա­տի հա­մար այ­սօր կը դառ­նայ երկ­րոր­դա­կան խնդիր: Վար­չա­կար­գը մինչ զբա­ղած է ներ­քին կար­գա­ւո­րում­նե­րով, ար­դէն ան­զօր է ընդ­դի­մու­թեան նոր հոս­քին դի­մաց հա­կագ­րոհ­ներ ը­նել: Օ­րի­նակ՝ նոյն Իտ­լի­պի ծայ­րե­րուն գտնուող «Էլ Մաս­թու­մա» զօ­րա­կա­յա­նին ան­կու­մը ան­վե­րա­կանգ­նե­լի է: Այս նոր ձե­ւա­ւո­րու­մով պարզ կը դառ­նայ, որ Սու­րիան լրջօ­րէն կանգ­նած է բա­ժան­ման եզ­րին: Ըստ նոր ձե­ւա­ւոր­ման՝ եր­կի­րը կրնայ բաժ­նուիլ եր­կու հա­ւա­սար մա­սե­րու: Մինչ գոր­ծող վար­չա­կար­գին բա­ժին պի­տի իյ­նայ Դա­մաս­կո­սի կեդ­րո­նա­կան հա­տուա­ծը, Հա­լէ­պի գրե­թէ կէ­սը, Թար­թուս քա­ղա­քը, ուր կը գոր­ծէ ռու­սա­կան խա­րիս­խը, ամ­բող­ջու­թեամբ եւ Հոմս քա­ղա­քին կա­րե­ւոր հա­տուած­նե­րը, ուր է­սա­տեան ու­ժե­րը ի­րենց տի­րա­պե­տու­թիւ­նը կը տա­րա­ծեն Էլ Քու­սայր քա­ղա­քէն մին­չեւ Լի­բա­նա­նի հետ սահ­մա­նա­յին հա­տուած­նե­րը: Կան նաեւ Լա­թա­քիան ու ա­նոր շրջա­կա­յից շրջան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հոմ­սի կա­րե­ւոր մէկ հա­տուա­ծը: Դի­մա­ցի կող­մին հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն կեդ­րոն­ներ են՝ Տէր Զօ­րը, դար­ձեալ Հա­լէ­պի կէ­սը, Ռաք­քան, Իտ­լի­պը եւ Յոր­դա­նա­նի հետ սահ­մա­նա­կից Տարհա քա­ղա­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն շրջան­նե­րը: Ընդ­դի­մու­թեան շար­քե­րուն մէջ Ի­ՇԻՊ-էն բա­ցի կան «Ժայշ Էլ Ֆաթ­հ­»ը, «Էլ Նուս­րա» ճա­կա­տը, Սու­րիոյ «Ա­զատ բա­նա­կ­»էն «մնա­ցա­ծ» փոքր ջո­կատ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ քրդաբ­նակ Հա­սա­քէի եւ Քո­պան­իի մէջ գոր­ծող քրդա­կան ջո­կատ­նե­րը: Այս շրջան­նե­րուն մէջ սպա­սե­լի են կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն­ներ, այն ի­մաս­տով, որ մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­կից ու­ժե­րու կող­մէ ծանր հա­րուած­նե­րու տակ կքող Ի­ՇԻՊ-ը կրնայ ձե­ւա­փո­խուիլ ու ա­նոր ա­ռա­ջին շար­քի ղե­կա­վա­րու­թեան նա­հան­ջին հե­տե­ւան­քով նոր կեր­պա­րան­քով հան­դէս գալ: Բա­ցի այս են­թադ­րու­թե­նէն պէտք է նաեւ նկա­տի առ­նել, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու օրհ­նու­թեամբ Ի­րա­քի եւ այլ վայ­րե­րու մէջ սու­րիա­կան ոչ-ծայ­րա­յե­ղա­կան ջո­կատ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին կրնան ե­րե­ւիլ մար­տա­դաշ­տին վրայ:

Է­սատ զի­ջե­լու տեղ չու­նի: Նոր քար­տէ­սին հա­մա­ձայն ան պի­տի դառ­նայ փոքր ա­լե­ւի Սու­րիոյ մը ա­ռաջ­նոր­դը ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ շատ կը խօ­սուի՝ յատ­կա­պէս սիւ­ննի աշ­խար­հին կող­մէ, ա­նոր պար­տու­թեան կամ Սու­րիոյ ա­պա­գա­յին մէջ դեր մը չու­նե­նա­լուն մա­սին շրջա­նա­յին ո­րո­շիչ ու­ժե­րուն հա­մար ան ար­դէն «գո­յու­թիւ­ն» չու­նի: Այ­սինքն, ե­թէ Պե­շար Է­սատ նոյ­նիսկ իշ­խա­նու­թեան վրայ մնայ, ան շրջա­նա­յին մա­կար­դա­կի «խա­ղա­ցո­ղ» մը պի­տի չըլ­լայ այ­լեւս: Ռիա­տի, Ան­գա­րա­յի եւ Թէլ Ա­ւի­ւի հա­մար շատ ա­ւե­լի տա­նե­լի է այ­սօ­րուան Է­սա­տը, քան աս­կէ վեց տա­րի­ներ ա­ռաջ Հա­ֆըզ Է­սա­տի ժա­ռան­գորդ Պե­շար Է­սա­տը: Թոյլ, պա­տե­րազ­մէն տկա­րա­ցած ու մա­նա­ւանդ «Հիզ­պուլ­լահ»ին «տի­րա­պե­տու­թեա­ն» տակ ե­ղող Է­սա­տը վտան­գա­ւոր չէ վե­րը նշուած եր­կիր­նե­րուն հա­մար: Նոր եւ հա­ւա­նա­կան քար­տէ­սի որ­դեգ­րու­մով, Ի­րան իր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը տա­լէ ետք կրնայ նոյն հա­մո­զում­նե­րը «հրամց­նե­լ» Փու­թի­նի Մոս­կուա­յին: Նման մօ­տե­ցու­մով մը, առ­նուազն կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ դա­դար տալ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեամբ եւ ան­մարդ­կա­յին անն­կա­րագ­րե­լի սպանդ­նե­րով լե­ցուն պա­տե­րազ­մի այս փու­լին:

Այդ հանգ­րուա­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք գա­լիք հանգ­րուա­նը կրնայ յատ­կան­շուիլ շիի «իշ­խա­նու­թեամ­բ» ղե­կա­վա­րուող Սու­րիոյ մը ե­րե­ւու­մով: Մինչ Է­սա­տի հա­ւա­նա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ ե­ղող շրջան­նե­րը կրնան ա­ւե­լի խա­ղաղ դառ­նալ, ան­դին ընդ­դի­մու­թեան ա­փին վրայ ե­ղող հա­տուած­նե­րուն մէջ պատ­կե­րը կը թուի ա­ւե­լի մոխ­րա­գոյն ըլ­լալ: Մտա­հո­գիչ է նաեւ, որ ընդ­դի­մու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ յայտ­նուած ա­ւան­նե­րուն մէջ ներիս­լա­մա­կան կռիւ­նե­րը կրնան եր­կար տե­ւել, ե­թէ շրջա­նին ա­ռըն­թեր կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րը դիր­քե­րու բա­ժա­նում չեն կա­տա­րած: Սու­րիա­կան նաւ­թի «բա­րիք­նե­ր­»ը բնա­կա­նա­բար կ­­՚ու­զեն քա­ղել Ռիատն ու Քա­թա­րը, իսկ Թուր­քիան պի­տի ու­զէ հիմ­նա­րար եւ ո­րո­շիչ դեր ու­նե­նալ քա­ղաք­նե­րը վե­րա­կա­ռու­ցե­լու գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ:

Է­սա­տեան հա­տուած­նե­րուն մէջ ճա­կա­տագ­րա­կան պի­տի ըլ­լայ Է­սա­տի ա­լե­ւի բա­նա­կին եւ շիի «Հիզ­պուլ­լահ»ին մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Շատ բնա­կան է, որ նոր կա­ցու­թեան մէջ «Հիզ­պուլ­լահ» յա­ւե­լեալ ի­րա­ւա­սու­թիւն­ներ պի­տի պա­հան­ջէ եւ այդ մէ­կը կրնայ լուրջ լա­րուա­ծու­թիւն­ներ ստեղ­ծել եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ, նկա­տի առ­նե­լով նաեւ ա­նոնց մի­ջեւ ե­ղած գա­ղա­փա­րա­կան շեշ­տուած տար­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Ճիշդ է, որ շատ կա­նուխ է այդ հա­ւա­նա­կան ընդ­հա­րում­նե­րուն մա­սին խօ­սիլ, բայց եւ այն­պէս ե­րե­ւե­լի է, որ Սու­րիան նոր բա­ժա­նու­մի հանգ­րուա­նի մը նա­խա­սե­մին կը գտնուի ու այդ հանգ­րուա­նի նախ­նա­կան քար­տէ­սը գծուած է ո՛չ միայն ար­տա­քին թե­լադ­րանք­նե­րով, այլ՝ պա­տե­րազմ­նե­րու բե­րած նոր սահ­ման­նե­րով ու բա­ժա­նում­նե­րով:

Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կրնան նոյն­պէս ջու­րը իյ­նալ հա­յու­թեան «կա­րե­ւոր գա­ղու­թ­»ը պա­հե­լու մա­սին բո­լոր են­թադ­րու­թիւն­նե­րը: Հա­յու­թիւ­նը պի­տի ըն­դու­նի՞ կամ պի­տի կա­րո­ղա­նա՞յ բաժ­նուած Սու­րիոյ մը մէջ ապ­րիլ: Այս բո­լո­րը կրնան են­թադ­րու­թիւն­ներ հա­մա­րուիլ, բայց չմոռ­նանք, որ թե­րեւս 2012 թուա­կա­նին, երբ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ կա­յին այն մա­սին, թէ Սու­րիոյ մէջ սկիզբ ա­ռած հա­կա­վար­չա­կար­գա­յին շար­ժու­մը կրնար ծանր ու անս­պա­սե­լի ար­դիւնք­նե­րով լե­ցուն շրջա­նի մը սկիզ­բը դառ­նալ, կար մե­ծա­մաս­նու­թիւն մը, որ ո՛չ միայն վե­րա­պա­հու­թեամբ կ­­՚ըն­դու­նէր այս տի­պի խօս­քե­րը, այլ նաեւ վստահ էր, որ Է­սատ պի­տի յաղ­թա­նա­կէ: Սու­րիա­հա­յե­րու մե­ծա­գոյն տո­կո­սին հա­մար վար­չա­կար­գը ցայ­սօր ան­պար­տե­լի է: Կան հա­զա­րա­ւոր սու­րիա­հա­յեր, ո­րոնք օրն ի բուն կը սպա­սեն, որ Է­սատ յա­ջո­ղի վե­րա­միաց­նել Սու­րիան, պա­տե­րազ­մին դա­դար տայ եւ երկ­րին վե­րա­դարձ­նէ իր եր­բեմ­նի փառ­քի օ­րե­րը: Սա­կայն ճա­կա­տում­նե­րը, Սու­րիան վե­րա­ծած են վի­րա­ւոր, թոյլ, հա­զա­րու­մէկ բարդ խնդիր­նե­րու առ­ջեւ կանգ­նած տագ­նա­պա­հար եւ հիւ­ծած երկ­րի մը: Եւ այս պա­րու­նա­կին մէջ հա­յու­թեան հա­մար կո­րուստ­նե­րը նոյն­պէս շատ ծանր են ու ան­դար­մա­նե­լի: Այլ թե­մա է, ու այլ յօ­դուա­ծի նիւթ, թէ ար­դեօք հա­յերս ե­թէ ա­ւե­լի մեծ լրջու­թեամբ մօ­տե­նա­յի՞նք, պի­տի կա­րո­ղա­նա­յի՞նք սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը տար­հա­նե­լով թե­րեւս Հա­յաս­տա­նի մէջ պահ­պա­նել ա­նոր «հա­ւա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւ­ն­»ը: Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր ա­նոնց մա­սին, ո­րոնք ա­ռանց ե­տեւ նա­յե­լու հա­սած են Շուէտ, Գեր­մա­նիա, Ֆրան­սա եւ այլ վա­յեր: Ա­նոնք այ­սօր ար­դէն նոր կեանք կեր­տած են ու նոյ­նիսկ չեն մտա­ծեր  ի­րենց ցա­ւա­լիօ­րէն ա­ւե­րա­կուած ու վի­րա­ւոր ծննդա­վայ­րին մա­սին:

Կը մնայ նոր ըն­կա­լում­նե­րով քննար­կել Սու­րիոյ մէջ ամ­րագ­րուող դէպ­քե­րը, ո­րով­հե­տեւ վստա­հա­բար Սու­րիան այ­սօր նոր եւ շատ հա­ւա­նա­բար բա­ժա­նու­մի սե­մին է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015