ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՏԱՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Նիւ Եորքի Թրքական տունը նախընթաց օր կէս գիշերին յարձակումի մը թիրախը դարձաւ։ Տեղական ժամով 03.14-ին անծանօթ մը մօտեցաւ շէնքի մուտքին եւ իր ձեռքի երկաթեայ ձողով կոտրեց ապակիները։ Թրքական տան համալիրը կ՚ընդգրկէ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցչութիւնն ու Նիւ Եորքի աւագ հիւպատոսութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն համար ալ այս շէնքին մէջ տեղի կ՚ունենայ քուէարկութիւն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու մասնակցութեամբ։
Կը հաղորդուի, որ Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը դէպքէն վերջ անվտանգութեան խիստ միջոցներ ձեռք առած է շէնքին շուրջ, նաեւ ձեռնարկած՝ հարցաքննութեան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս յարձակումը որակեց տականքութիւն։ Նախարարը պահանջեց, որ ԱՄՆ՝ որպէս հիւրընկալ երկիր, թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու պարագային ապահովէ անհրաժեշտ երաշխիքները, նաեւ բացայայտէ դէպքը։
Իր կարգին, ՃՀՓ-ի արտասահմանեան կազմակերպման գծով փոխ-կուսակցապետ Պիւլենտ Թեզճանն ալ խստիւ պախարակեց Թրքական տան վրայ գործուած յարձակումը եւ հիւպատոսարանի աշխատակիցներուն ի նպաստ զօրակցութիւն արտայայտեց։