ՊԷՅՐՈՒԹԻ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԴԵՂՕՐԱՅՔ ԿԸ ՓՈՒԹԱՑՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Կը տեղեկանանք, որ Պէյրութի մէջ այս շրջանին կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի։ Այս նոր նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի կենսական նշանակութեամբ դեղօրայքի մատակարարման։ Ծրագիրը նախատեսուած է այն անձերուն համար, որոնք դեղօրայք ապահովելու դժուարութիւն կը կրեն՝ Լիբանանի տնտեսական տագնապալի կացութեան հետեւանքով։

Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումը առկայ դժուարին իրավիճակին մէջ ստեղծած է պայմաններ, որպէսզի լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն հասցուին՝ արտասահմանէն տրամադրուած դեղօրայքներն ու այլ անհրաժեշտ առողջապահական նիւթերը։

Այս նախագիծը յառաջ կը տարուի յանձնախումբի մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն՝ Յասմիկ Տեմիրճեան, Սիլվա Յակոբեան, Ռիթա Պուլտուքեան եւ Անի Ուտումեան։ Այս յանձնախումբի անդամները, միշտ Անահիտ Տանձիկեանի վերահսկողութեամբ, տեղւոյն վրայ կը ստուգեն լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու համար անհրաժեշտ դեղօրայքը եւ իրենց կազմած ցուցակը կ՚ուղարկեն արտասահմանի իրենց զօրակիցներուն։ Այնտեղ թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ բարերարներու ջանքերով կ՚ապահովուի անհրաժեշտ դեղօրայքը եւ այդ բոլորը Լիբանան ուղարկուելով տեղ կը հասցուի։

Լիբանանահայ ընտանիքներուն տեսակէտէ այս ծրագիրը ներկայիս մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ բոլորը կ՚արտայայտեն իրենց խոր երախտագիտութիւնը։ Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումը՝ լիբանանահայ ընտանիքներուն հասցուած դեղօրայքի ծրարներուն կը կցէ նաեւ Մայր Աթոռէն մասնաւորապէս ուղարկուած մոմեր, որպէսզի անոնք հաւատքի այդ զօրութեամբ կարողանան աղօթել նաեւ առողջութեան համար։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2023