ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿՐԿՆԵՑ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՃԱՆՉՆԱԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆԵՐԱՌԵԱԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մէջ ան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, մինչ համալիրին առջեւ անվտանգութեան խիստ միջոցներ ձեռք առնուած էին, որովհետեւ կ՚ընթանար նահատակ զինուորներու մայրերուն բողոքի ցոյցերը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ մօտաւոր ապագային բարձր մակարդակի վրայ նոր հանդիպումներ կը նախատեսուին՝ Փաշինեան նշեց, որ այժմու կանխատեսումներով դժուար թէ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը հասնի վերջնական տեսքի։

Ասուլիսի ընթացքին վարչապետը կրկնեց նաեւ Երեւանի կողմէ վերջին շրջանին յաճախ Մոսկուային հասցէագրուած քննադատութիւններն ու անհանգստութիւնները։ Յամենայնդէպս, ան շեշտեց, որ Հայաստան որեւէ ձեւով հետամուտ չէ՝ Արեւմուտքի հետ Ռուսաստանը տարածաշրջանէն դուրս մղելու։ Փաշինեան շեշտեց, որ այժմ Ատրպէյճանի ձեռքը գտնուող հայ գերիներուն մեծամասնութիւնը գերեվարուած են՝ Ռուսաստանի կողմէ երաշխաւորուած հրադադարի յայտարարութեան ստորագրումէն վերջ, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան յանձնուած գօտիէն ներս։

Նիկոլ Փաշինեան ասուլիսի ընթացքին յայտնեց նաեւ, որ չէ բացառուած Հայաստանի դուրս գալը ՀԱՊԿ-էն։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ դէպքերը կը շարունակուին։ Այսպէս, կէս գիշերն անց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական յարձակումը գործեցին Հայաստանի սահմանամերձ դիրքերուն վրայ։ Ժամը 00.20-01.10-ին սահմանի Կուտականի հատուածի դիրքերը՝ զանազան տրամաչափէ զէնքերով բացուած կրակի ենթարկուեցան։ Դէպքին հետեւանքով հայկական կողմը կորուստներ չունեցաւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ առաւօտուն, ժամը 08.00-ի դրութեամբ առաջնագծին վրայ յարաբերականօրէն կայուն իրադրութիւն մը կը տիրէր։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2023