ՕՂԱՆԻ ԿՈՉԸ

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Շաբաթավերջի ընտրութեան եզրափակիչ փուլին՝ երկրորդ քուէարկութեան պիտի մրցին «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ առաջադրուած Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ու «Միլլէթ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։

Երրորդ թեկնածուն, որ «Աթա» դաշինքին կողմէ առաջադրուած Սինան Օղանն էր եւ առաջին փուլին աւելի քան 5 տոկոս ձայն ապահոված էր, երէկ ընտրութեան երկրորդ փուլին կապակցութեամբ հրապարակեց իր դիրքորոշումը։ Այսպէս, ան զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանին եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի երկրորդ փուլին իր ընտրողները քուէները կեդրոնացնեն՝ անոր վերընտրութեան համար։ Սինան Օղան նշեց, որ ունեցած է խորհրդակցութիւններ, վարած է բանակցութիւններ, արժեւորած է խարիսխէն եկած պատգամները եւ այդ բոլորին հիման վրայ որոշած է յայտարարել, որ երկրորդ փուլին պիտի աջակցի Էրտողանին։

Իր կարգին, «Աթա» դաշինքի մասնակից «Զաֆէր» կուսակցութեան ղեկավար Իւմիթ Էօզտաղն ալ յայտնեց, որ այս որոշումը Սինան Օղանի անհատական նախընտրութիւնն է եւ իր ղեկավարած կուսակցութեան տեսակէտէ պարտադիր չէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2023