ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ ՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Անգարա լիովին կ՚աջակցի Պաքուին՝ Երեւանի հետ հաշտութեան բանակցութիւններուն մէջ։ Թուրքիա համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական ստորագրումը կրնայ դրական ազդեցութիւն գործել ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։

Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի ազգային պաշտպանութեան յանձնաժողովներու նախագահներուն հաւաքը։ Հարկ է նշել, որ այս ձեւաչափով առաջին անգամ խորհրդակցութիւն մը կազմակերպուեցաւ։ Ազգային մեծ ժողովէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Հաքան Ֆիտան, որ դրական իրադարձութիւն մը անուանեց ներկայ ամսուան 11-ին, Ալմաթիի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Ֆիտան դրական քայլ նկատեց Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին չորս գիւղերու վերադարձուիլը։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան ճանապարհ հարթած է տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան համար՝ վերջ դնելով Ղարաբաղի բռնագրաւման։

Մինչ Անգարա-Պաքու թանտեմը կը գերակշռէ Հարաւային Կովկասի հաւասարակշռութիւններուն մէջ, Երեւան կը փորձէ ազդեցութիւնները տանելի դարձնել՝ համագործակցելով նաեւ Թեհրանի հետ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ Իրանի՝ արկածի զոհ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի յուղարկաւորութեան։ Թեհրանի մէջ ան ընդունուեցաւ Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի եւ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի հետ։ Խամանէյ Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ. «Իրան-Հայաստան յարաբերութիւնները հակառակորդներ ունին»։ Այէթուլլահ Խամանէյ շեշտեց, որ Թեհրան կը շարունակէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման քաղաքականութիւնը։ «Մեր հանգուցեալ նախագահը շատ զգայուն էր Հայաստանի վերաբերեալ սահմանային խնդիրներուն նկատմամբ եւ այդ զգայնութիւնն ու մտահոգութիւնը պէտք է շարունակել հաշուի առնել։ Մենք պէտք է կարողանանք ապահովել մեր շահերը», նշեց ան։

ԱՄՆ ՈՒՇԱԴԻՐ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ պահել տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն՝ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ ըսաւ. «Մենք կ՚ուսումնասիրենք Հայաստանի շարք մը խնդրանքները՝ որոշելու, թէ այս պահուն ի՛նչ կրնանք ընել մեր աջակցութիւնն ու անոր հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար»։ Պետական քարտուղարը յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի։

Պլինքըն Երեւանի խնդրանքներուն մասին որեւէ մանրամասնութեան մէջ չխորացաւ։ «Մենք յառաջ պիտի երթանք շարք մը ոլորտներու մէջ», աւելցուց ան՝ նոյնպէս առանց մանրամասնելու։

Խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ Պլինքըն նշեց նաեւ անցեալ ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը՝ իր, Փաշինեանի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի մասնակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2024