ԼԱՐՈՒԱԾ ԳԻՇԵՐԷ ՄԸ ՎԵՐՋ

Ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի թան­կաց­ման դէմ «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ան­դամ­նե­րը քա­նի մը օ­րէ ի վեր նստա­ցոյց կը կա­տա­րէին Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ։ Ցու­ցա­րար­նե­րը յստակ պա­հանջ դրած էին երկ­րի նա­խա­գա­հին ու վա­րիչ­նե­րուն առ­ջեւ, որ­պէս­զի կա­սեց­նեն ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի թան­կաց­ման ո­րո­շու­մը։ Ցու­ցա­րար­նե­րու շար­քին ե­ղած է նաեւ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալստա­նեան, որ հրա­ժա­րած է պա­տաս­խա­նե­լէ լրագ­րող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն՝ նշե­լով, թէ իր գա­լու նպա­տա­կը հար­ցազ­րոյց տա­լը չէ։ «Խօ­սե­ցայ փոխ-ոս­տի­կա­նա­պե­տին հետ, սա­կայն չեմ կրնար հրա­պա­րա­կել մեր զրոյ­ցը։ Զիս կը մտա­հո­գէ, որ մար­դոց քա­նա­կը քիչ է, բա­ցի ատ­կէ, չեմ փա­փա­քիր, որ բա­խում­ներ ըլ­լան», յայտ­նած էր ե­պիս­կո­պո­սը։ Սա­կայն ա­մէն ինչ Սրբա­զա­նի ու­զա­ծին պէս չե­ղաւ եւ այ­սօր վաղ ա­ռա­ւօ­տեան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ֆի­զի­քա­կան ու­ժի եւ յա­տուկ գոր­ծիք­նե­րու գոր­ծադր­մամբ նա­խա­ձեռ­նու­թեան կազ­մա­կեր­պած խա­ղաղ բո­ղո­քի ցոյ­ցը ցրուեց։ Ոս­տի­կան­նե­րը յար­ձա­կե­ցան նաեւ լրագ­րող­նե­րու վրայ. այս ըն­թաց­քին բա­ւա­կան աշ­խոյժ էին նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­գուս­տով ան­ձեր։ Ա­նոնք յատ­կա­պէս կը յար­ձա­կէին լրագ­րող­նե­րու վրայ, կը կոտ­րէին լու­սան­կար­չա­կան ու տե­սագ­րա­կան մե­քե­նա­նե­րը։

Ոս­տի­կա­նու­թեան նախ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, այս պա­հու դրու­թեամբ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի նստա­ցոյ­ցը ցրուե­լու ըն­թաց­քին ձեր­բա­կա­լուած է 237 անձ։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք տե­ղա­փոխուած են հի­ւան­դա­նոց։ Գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին վի­րա­ւորուած են նաեւ ոս­տի­կան­ներ։

Ե­րէկ ի­րի­կուն լրա­ցաւ ե­լեկտը-րա­կա­նու­թեան թան­կաց­ման դէմ պայ­քա­րող «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան յայ­տա­րա­րած վերջ­նա­ժամ­կէ­տը եւ ցու­ցա­րար­նե­րը հա­կա­ռակ ոս­տի­կա­նու­թեան զգու­շա­ցում­նե­րուն՝ քայ­լեր­թի ձեռ­նար­կե­ցին դէ­պի նա­խա­գա­հա­կան նստա­վայր։ Ոս­տի­կան­նե­րը փա­կե­ցին փո­ղո­ցը եւ ցու­ցա­րար­նե­րը հան­դի­պե­լով ա­նոնց շղթա­յին, ո­րո­շե­ցին նստիլ փո­ղո­ցին վրայ։ Ժա­մեր տե­ւած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն ետք, երբ ցու­ցա­րար­նե­րը հրա­ժա­րե­ցան բա­նա­լու Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը նա­խազ­գու­շա­ցուց, որ ցոյ­ցը ա­նօ­րի­նա­կան է եւ սպառ­նաց «օ­րէն­քով նա­խա­տե­սուած կեր­պով» ուժ գոր­ծադ­րել ա­նոնց վրայ։

Յի­շեց­նենք, որ ցու­ցա­րար­նե­րը կը պա­հան­ջէին չե­ղեալ յայ­տա­րա­րել Հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող յանձ­նա­ժո­ղո­վի Յու­նի­սի 17-ի ո­րո­շու­մը, երբ քա­նի մը ժամ տե­ւած քննար­կում­նե­րէ ետք այդ մար­մի­նը միա­ձայ­նու­թեամբ ո­րո­շեց բարձ­րաց­նել ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կը՝ 6.93 դրա­մով։

Ցոյ­ցեր տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ Կիւմ­րիի մէջ։ Ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ տասներկու անձ։

Միւս կող­մէ, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը տա­րա­ծեց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը՝ տե­ղի ու­նե­ցած­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը նշուի, թէ խախտուած հա­սա­րա­կա­կան կար­գը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար կա­տարուած են գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, քա­նի որ ոս­տի­կա­նու­թեան կո­չե­րը եւ խնդրանք­նե­րը ան­տե­սուած են եր­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը յի­շա­տա­կած է նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան օ­րէն­քը, ըստ ո­րու 22.00-էն մին­չեւ 08.00 կա­րե­լի չէ հա­ւաք­ներ կա­յաց­նել քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հան­գիս­տը խան­գա­րե­լու գնով։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կած է նաեւ հա­ւա­քը կազ­մա­կեր­պել այլ վայր մը, Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ կամ ոչ-բա­նուկ հա­տուա­ծի մը մէջ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով լրագ­րող­նե­րու ձեր­բա­կալ­ման՝ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը նշած է, թէ ա­նոնք հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ան­տե­սած են ոս­տի­կա­նու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չխո­չըն­դո­տե­լու կո­չե­րը եւ յոր­դոր­նե­րը եւ ըստ էու­թեան դար­ձած են հա­ւա­քի մաս­նա­կից։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը սա­կայն չէ պար­զա­բա­նած, թէ ին­չո՞ւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­գուս­տով ան­ձեր ձեր­բա­կա­լած են քա­ղա­քա­ցի­ներն ու լրագ­րող­նե­րը։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015