ԿԱՐՍԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼՈՒ ԿՈՉ

Կար­սե­ցի գրող Ի­սա Եըլ­մազ վեր­լու­ծեց Կար­սի պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րու այժ­մու կա­ցու­թիւ­նը։ Ան նշեց, թէ քա­ղա­քը իր պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րով անգտա­նե­լի գանձ մըն է շար­ժա­րուես­տի ու գրա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ, սա­կայն դժբախ­տա­բար ա­նոնք բար­ձի­թո­ղի վի­ճա­կի մէջ կը գտնուին այժմ։ Ան ը­սաւ, որ Կար­սի պատ­մա­կան շէն­քե­րը մատ­նուած են մո­ռա­ցու­թեան եւ կը գտնուին փլուզ­ման վտան­գի տակ։ Ե­թէ այս ըն­թաց­քը շա­րու­նա­կուի, Կար­սի միակ պատ­մա­կան յու­շար­ձա­նը պի­տի մնայ քա­ղա­քին բեր­դը։

«Պատ­մու­թիւնն ու քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը ապ­րեց­նո­ղը ան­ցեա­լէն ժա­ռան­գուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներն են, ինչ­պէս՝ պատ­մա­կան տու­նե­րը, բեր­դե­րը, խա­նե­րը, բաղ­նիք­նե­րը ե­ւայլն։ Մինչ­դեռ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը տես­նենք, որ Կար­սի մէջ կը փլցուին ռու­սա­կան տու­նե­րը եւ ա­նոնց փո­խա­րէն կը տնկուին նոր շէն­քեր։ ԹՈ­ՔԻ կար­ծես, թէ ոչ մէկ բան կար, բեր­դա­քա­ղաքին մէջ կա­ռու­ցեց բարձ­րա­յարկ շէն­քեր», ը­սաւ ան։ Ի­սա Եըլ­մազ, որ հե­ղի­նակն է «Կար­սի մէջ հայ­կա­կան դիակ մը» հա­տո­րին, կոչ ուղ­ղեց Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան, որ­պէս­զի ան­յա­պաղ Կար­սի պատ­մա­կան տու­նե­րը ար­ձա­նագ­րէ եւ առ­նէ իր պաշտ­պա­նու­թեան տակ։ «Այ­լա­պէս Կար­սի պատ­մա­կան դրախ­տը պի­տի վե­րա­ծուի դժոխ­քի», յայ­տա­րա­րեց գրո­ղը։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015