ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ «ՓՈՔՐԻԿ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ 15-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

2000 թո­ւա­կա­նին Բլիկ­եան ըն­տա­նի­քի ազ­նիւ մտայ­ղաց­մամբ հիմ­նադ­րո­ւե­ցաւ «Փոք­րիկ Հրեշ­տակ­ներ» շա­բա­թօր­եայ դպրո­ցը, ո­ր 2010 թո­ւա­կա­նին Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ․ ­Յով­նան Արք․ Տէր­տէր­եա­նի օրհ­նու­թեամբ տե­ղա­փոխ­ո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­րան՝ վե­րա­կազ­մա­ւոր­ո­ւե­լով Ս․ Ղ­ե­ւոնդ­եանց Մայր Տա­ճա­րի հո­վա­նիին ներ­քեւ։ Անց­նող տա­րի­նե­րուն վար­ժա­րա­նը շնոր­հիւ իր  ազ­գա­յին ո­գիի պահ­պա­նու­թեան ուղղ­ո­ւած ջանք­նե­րուն ու ո­րա­կեալ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան՝ դար­ձաւ Լոս Ան­ճե­լ­ըի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր կրթօ­ճախ­նե­րէն մին։ Այս­տեղ ջեր­մու­թեան, սի­րոյ, ան­կեղ­ծու­թեան, ազ­նիւ մթնո­լոր­տին մէջ մեր մա­տաղ սե­րուն­դը կը շա­րու­նա­կէ հա­ղոր­դ ­դառ­նալ հա­յոց բազ­մա­դար­եան մշա­կոյ­թին, բիւ­րեղ­եայ մայ­րե­նի լեզ­ո­ւին ու  հա­զա­րա­մեայ պատ­մու­թեա­ն։  Ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նը իր կա­ռուց­ո­ւած­քով, որ­դեգ­րած մօ­տե­ցում­նե­րով, դա­սա­ւանդ­ման ար­դիա­կան, ազ­գա­յին ու հո­գեմ­տա­ւոր սկզբունք­նե­րով դար­ձած է նմա­նա­տիպ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու չա­փօ­րի­նակ եւ յա­ռա­ջա­տար՝ ո՛չ միայն Միաց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, այ­լեւ ողջ Սփիւռ­քի տա­րած­քին։ Ա­մե­նե­ւին ալ պա­տա­հա­կան չէ, որ դպրո­ցի ի­րա­կա­նաց­ու­ցած հսկա­յա­ծա­ւալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը, ու­շադ­րու­թեան եւ բարձր գնա­հա­­տան­քի ար­ժա­նա­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ 2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լի 9-ին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, Հա­մաշ­խար­հա­յին հայ­կա­կան գոնկ­րէ­սի եւ Ռու­սաս­տա­նի հա­յե­րու միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կերպ­ո­ւած «Մայ­րե­նիի պաշտ­պան» մրցոյ­թին ըն­թաց­քին, ո­րուն 15 եր­կիր­նե­րէ մաս­նակ­ցած էին  շուրջ 95 հաս­տա­տու­թիւն, «Փոք­րիկ հրեշ­տակ­ներ»ը  ար­ժա­նա­ցած են ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին, ա­ռա­ջին կար­գի վկա­յա­կա­նի եւ դ­­րա­մա­կան պարգ­ե­ւի։

«Փոք­րիկ հրեշ­տակ­ներ» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի մամ­լոյ դի­ւա­նին հա­մա­ձայն, նմա­նօ­րի­նակ պա­տի­ւը ոչ միայն կա­տար­ո­ւող աշ­խա­տան­քի ար­դար արժ­ե­ւո­րումն է, այ­լեւ կրթօ­ճա­խի պաշ­տօ­նէու­թեան ու ման­կա­վարժ­նե­րու ան­սա­կարկ նո­ւիրու­մի արդ­իւն­քը։ Դպրո­ցի տնօ­րէն Յով­հան­նէս Սրկ. Գում­րո­ւեա­նի խօս­քե­րով․ «Հայ­աս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան կող­մէ նման գնա­հա­տու­թիւ­ն ­մը լա­ւա­գոյն նո­ւէրն է հաս­տա­տու­թեան յո­բե­լե­նա­կան տա­րե­դար­ձին։ Ան միա­ժա­մա­նակ պար­տա­ւո­րեց­նող է, խրա­խու­սող ու ո­գեշն­չող»։

Շնոր­հիւ ե­կե­ղե­ցիէն տա­րած­ո­ւող ա­ռատ օրհ­նու­թեան եւ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի մշտա­կան խնամ­քին՝ «Փոք­րիկ հրեշ­տակ­ներ» շա­բա­թօրեայ դպրո­ցը իւ­րօ­րի­նակ լու­սա­ւո­րու­թեան կեդ­րոն մըն է, ուր­ ու­սուց­չա­գոր­ծող կրթա­կան մշակ­նե­րը ու­նին բազ­մա­մեայ դա­սա­ւանդ­ման փորձ։ Ա­նոնք ու­սում­նա­կան ողջ տար­ո­ւան ըն­թաց­քին  ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը՝ շա­ղախ­ո­ւած հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ, հոգ­ե­ւոր ու ա­նանց ար­ժէք­նե­րով կը փո­խան­ցեն մեր մա­տաղ սե­րուն­դին։ Հարկ է նշել, որ ման­կա­վարժ­նե­րը մշտա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ են Տքթ. Է­լի Անդ­րէա­սեա­նի կող­մէ հա­մա­կարգ­ո­ւող թե­մի գի­տակր­թա­կան յանձ­նախում­բին հետ եւ ի­րենց մշտա­կան մաս­նա­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն  ու­սու­ցիչ­նե­րու ա­մե­նա­մեայ վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թաց­քնե­րուն։

Դպրո­ցը կ՚ա­ռաջ­նորդ­ո­ւի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հան­րակր­թա­կան դպրոց­նե­րու դա­սա­գիր­քե­րով։ Իր  կա­պը ա­շա­կերտ­նե­րու եւ ծ­­նող­նե­րու հետ կը պա­հէ զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով։ Դպրո­ցը ու­նի յա­տուկ Ֆէյս­պու­քի էջ (Little Angels Saturday School), ուր կը տե­ղադ­րուին դպրո­ցին ա­ռըն­չո­ւող յա­տուկ նիւ­թեր, նկար­ներ եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։

Հաս­տա­տու­թեան մէջ ու­սա­նող շուրջ 200 ա­շա­կերտ­նե­րը ջերմ մտեր­մու­թեամբ կապուած են Ա­րեւմտ­եան Թե­մի հոգ­ե­ւոր դա­սուն, յատ­կա­պէս Ս․ ­Ղե­ւոն­դեանց Մայր Տա­ճա­րի հո­վիւ՝ Տ․ ­Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պազ­եա­նի հետ։ Տէր Հայ­րը խնամ­քով ա­մէն շա­բաթ բա­րո­յա­կան ու կրօ­նա­կան պատ­գամն ու­ օրհ­նութ­իւ­նը կը փոխան­ցէ սա­նե­րուն։ Վեր­ջին­ներս հոգ­ե­ւոր գան­ձե­րով հարս­տա­ցած՝ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ու­սում­նական ա­ռօ­րեան։ Ա­նոնք աշ­խու­ժօ­րէն կը մաս­նակ­ցին նաեւ թե­մա­կան, հոգ­ե­ւոր ու ազ­գա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն, ա­րա­րո­ղութ­իւն­նե­րուն ու տօ­նե­րուն։ Ա­մե­նամ­եայ տա­րե­վեր­ջի քննութ­իւն­նե­րուն ու կազ­մա­կերպուող հան­դէս­նե­րուն ի յայտ կու գայ մա­նուկ­նե­րուն ձեռք բե­րած  գի­տե­լիք­նե­րը։ 

2014-15 ու­սում­նա­կան շրջա­նի տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րողու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ռաջնոր­դա­րա­նի «Գա­լա­յճեան» սրա­հի եր­դի­քին տակ։ Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էր Տ․ Յով­նան Արք․ Տէր­տէ­րեա­ն։­ Ան իր ե­լոյ­թին ընթաց­քին շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը դպրո­ցի  յո­բել­ե­նա­կան տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։ Սրբա­զան Հայ­րը  իր մաս­նա­ւոր գնա­հա­տան­քին արժա­նաց­ուց կրթա­կան մշակ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ծնող­նե­րը, ո­րոնք ջանք ու ե­ռանդ չեն խնա­յեր ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ պա­հե­լու դժո­ւար ու պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լութեան մէջ։ Ե­րեք բա­ժին­նե­րէ բաղ­կա­ցած շքեղ յայ­տա­գի­րը լի էր գե­ղե­ցիկ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու հա­ճե­լի կա­տա­րում­նե­րով։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ հիւ­րե­րէն «Հա­յաս­տան ծա­ռա­տունկ»  ծրագրի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­նա­հիտ Ղա­րի­պեա­ն՝­ որ­պէս բազ­մա­մեայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ   բա­րե­կա­մու­թեան նշան՝ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նութ­եա­ն ­յանձ­նեց յա­տուկ վկա­յա­գիր։ Ա­պա տնօ­րէ­նը ներ­կա­նե­րուն տե­ղե­կաց­ուց, որ ընդա­ռա­ջե­լով ծնող­նե­րու բազ­մա­թիւ դի­մում-խնդրանք­նե­րուն, յառա­ջի­կայ 2015-16 տա­րեշր­ջա­նէն սկսեալ դպրո­ցի ու­սում­նա­ռութ­եան տե­ւո­ղու­թիւ­նը պի­տի ա­ւել­նայ տա­րի մը եւս՝ դառ­նա­լով վե­ց տարի, իսկ նոր ու­սում­նա­կան տար­ին պի­տի սկսի Օ­գոս­տո­սի 22-ին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015