ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ Կ՚ԱՊԱՀՈՎԷ 4500 ԱՇԱԿԵՐՏԻ ԱՄՐԱՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Հան­քա­ւա­նի «Լու­սա­բաց» ճամ­բա­րը, ուր այս տա­րի Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն եւ Ջա­ւախ­քէն շուրջ ե­րեք հա­րիւր յի­սուն ե­րա­խայ կ՚ան­ցը­նէ իր ամ­րան ար­ձա­կուր­դը։ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան պիւտ­ճէի մի­ջոց­նե­րով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի «Դպրո­ցա­կան­նե­րու ամ­րան հան­գիս­տի կազ­մա­կեր­պում» տա­րե­կան ծրա­գի­րը, ո­րու հի­ման վրայ տղա­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան հանգս­տա­նա­լու այս ճամ­բա­րին մէջ։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ճամ­բա­րի հա­մա­լի­րէն ներս կա­տա­րեց շրջայց մը, հե­տաքրք­րուե­ցաւ տղոց ա­ռօ­րեա­յով, ա­նոնց ըն­ձեռուած պայ­ման­նե­րով։ Աբ­րա­հա­մեան ան­մի­ջա­կան զրոյց մը ու­նե­ցաւ տղոց հետ եւ աւել­ցուց, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­մէն ինչ պի­տի ը­նէ նա­հա­տա­կուած, հաշ­ման­դամ դար­ձած զի­նուոր­նե­րու, ծնո­ղա­զուրկ ու սա­կաւ ա­պա­հո­վուած բազ­մա­զաւակ ըն­տա­նիք­նե­րու ե­րա­խա­նե­րուն հան­գիս­տը լա­ւա­գոյնս կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Ըստ Աբ­րա­հա­մեա­նի, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ջանք պի­տի չխնա­յէ մա­տաղ սե­րուն­դին հա­մար բա­րե­կե­ցիկ ա­պա­գայ մը եւ բարձ­րո­րակ կրթու­թիւն մը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ի­րենց հեր­թին ճամ­բա­րա­կան­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին՝ ըն­ձե­ռուած հան­գիս­տի հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­մէն տա­րի կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դպրո­ցա­կան­նե­րու ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը կազ­մա­կեր­պե­լու ուղ­ղեալ ծրագ­րեր։ Այս տա­րի նոյն շրջագ­ծով չորս հա­զար հինգ հա­րիւր ե­րա­խա­յի հա­մար նա­խա­տե­սուած է ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուրդ՝ ե­րեք հեր­թա­փո­խով, քսա­նա­կան օ­րով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015