ՃՀՓ-Ի ՂԵԿԱՎԱՐԸ Կ՚ԵՆԹԱԴՐԷ ՉՈՐՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆ ՄԸ

ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու անդ­րա­դար­ձաւ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծըն­թա­ցին եւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան հետ յա­ռաջ տա­րուած շփում­նե­րուն։ Ներ­կայ ի­րադ­րու­թիւ­նը մեկ­նա­բա­նե­լով՝ ան յայտ­նեց, որ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու հա­մար ա­մե­նա­պատ­րաստ կու­սակ­ցու­թիւ­նը ՃՀՓ-ն է։ Ըստ ի­րեն, տաս­նե­րեք տա­րիէ ի վեր երկ­րէն ներս առ­կայ բե­ւե­ռաց­ման մթնո­լոր­տը կրնայ յաղ­թա­հա­րուիլ խե­լա­ցի գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նով մը։ Ստեղ­ծուե­լիք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է ու­նե­նայ բարձր մա­կար­դակ, ա­մուր դի­մա­գիծ ու պէտք է նա­խա­տե­սէ չորս տա­րուան գոր­ծու­նէու­թեան շրջան մը։ Ար­դա­րեւ, ծանր խնդիր­նե­րու լու­ծու­մը կ՚են­թադ­րէ վճռա­կա­մու­թիւն ու ո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը։ «Պա­րոն Տա­վու­տօղ­լուին ալ նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցի. հա­մա­խո­հու­թեան գոր­ծըն­կեր­նե­րը պէտք է ի­րա­րու վստա­հին», ը­սաւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու։

Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հա­մոզ­մամբ, ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի դիր­քո­րոշ­ման հե­տե­ւան­քով 60 տո­կո­սի պլո­քը կորսն­ցու­ցած է կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պե­տը ընդգ­ծած է, թէ կան­խա­հաս ընտ­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին հա­ւա­նա­կան է լրջօ­րէն։

Միւս կող­մէ, հարկ է նշել, թէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րու բանակ­ցու­թիւն­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ազ­գա­յին մեծ ժողո­վի եր­դի­քին տակ։ Կը նախատեսուի, որ այս միջկուսակցական բանակցութիւնները տեւեն շուրջ տասը-տասներկու օր։ Աւելի վերջ կուսակցապետները տեղեակ պիտի պահուին այն հարցերուն շուրջ, որոնց պարագային կողմերուն միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն, կամ ոչ։ Համաձայնութեան հնարաւորութիւն չգտնուած խնդիրները պիտի թողուին կուսակցապետներու դատողութեան։ Աշխատանքը կը սկսի այս շաբաթավերջին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015