ՕՊԱՄԱ ՑԱՒԱԿՑԵՑԱՒ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ե­րէկ հե­ռա­ձայ­նով կապ հաս­տա­տեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայյիպ Էր­տո­ղա­նի հետ, ո­րուն ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նեց Սու­րու­չի եւ Ճէյ­լան­փը­նա­րի մէջ ապ­րուած յար­ձա­կում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան ըսաւ, թէ ԱՄՆ Թուր­քիոյ կող­քին է ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի հա­մար։ Եր­կու նա­խա­գահ­ներն ալ շեշ­տե­ցին, որ դէմ են ա­հա­բեկ­չու­թեան բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րուն՝ ընդգ­ծե­լով թէ՛ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ը եւ թէ ՓՔՔ-ն։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա անդ­րա­դար­ձան «Իրաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» խմբա­ւոր­ման դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րի շրջագ­ծով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձ­րաց­ման։ Ա­նոնք կանգ ա­ռին նաեւ Ի­րա­քի մէջ անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման, իսկ Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին բա­խում­նե­րուն քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն։

Նա­խա­գահ Օ­պա­մա վեր­ջին եր­կու դէպ­քե­րու զո­հե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց յա­նուն ա­մե­րի­կեան ժո­ղո­վուր­դին։ Հե­ռա­խօ­սազրոյ­ցի ըն­թաց­քին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին օ­տար մար­տիկ­նե­րու անց­քե­րուն ար­գե­լա­փա­կու­մը եւ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան թափ տրուի­լը։ Օ­պա­մա ընդգ­ծեց, որ ԱՄՆ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ Թուրքիոյ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան նկատ­մամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015