ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ «ՉՏԵՍԱԿԱՆ» ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ
33 տարի առաջ այս օրերուն՝ 1991 թուականի օգոստոսի 20-ին կամ 21-ին, Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հաւաքեց լրագրողներս (այն ատեն «Ա1+»ի մէջ կ՚աշխատէի) եւ խնդրեց կշռադատուած լուսաբանել Արտակարգ դրութեան պետական կոմիտէի հետ կապուած իրադարձութիւններ: 33 տարի անց բառացիօրէն, բնականաբար, չեմ յիշեր այդ խօսակցութիւնը, բայց իմաստը այն էր, որ որեւէ անզգոյշ խօսք կրնայ քանի մը գիւղ արժել Արցախի մէջ: Այնպէս չէր, ի հարկէ, որ Տէր-Պետրոսեան Խորհրդային Միութիւնը վերակենդանացնելու յուսահատ փորձը կը հաւնէր, պարզապէս ան պատասխանատուութիւն կը զգար Հայաստանի (ներառեալ՝ Արցախի) համար, եւ քանի որ մենք այն ատեն արդէն տեֆաքթօ անկախ պետութիւն էինք, ան լրագրողներուն կոչ կ՚ուղղէր պետական մօտեցում դրսեւորել։
Ես սա յիշեցի այն առիթով, որ այսօր Հայաստանի մէջ Փաշինեանի «արեւմտամէտ» երկրպագուները արտայայտութիւններ չեն ընտրեր՝ Փութինի եւ անոր քաղաքականութեան մասին խօսակցութեան ընթացքին, ընդհուպ մինչեւ՝ զայն ձերբակալելու եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարան եւ Անվտանգութեան խորհուրդ ուղարկելու կոչերը, եթէ Ռուսաստանի նախագահը ոտք դնէ Հայաստան (Գուցէ սա՞ է պատճառներէն մէկը, որ օրերս Փութին մեկնեցաւ Պաքու, բայց ոչ՝ Երեւան):
Այո՛, Ռուսաստանի ղեկավարը իր երկրին մէջ կոշտ ու մենատիրական վարչակարգ մը հաստատած ու վայրագ, արիւնալի պատերազմ սանձազերծած է Ուքրայնայի դէմ, բայց արդեօք ասոր հետեւա՞նքն է, որ գրեթէ պաշտօնական մակարդակով Ռուսաստանի վրայ ամէնօրեայ յարձակումները կ՚արդարացուին: Իմ կարծիքով՝ ոչ. անոնք կորուստներ բերին ու դեռ պիտի բերեն, որքան ալ հաճելի ըլլան մեր արեւմտեան գործընկերներուն: Մեծ յարգանք ունենալով Ամերիկայի եւ Եւրոմիութեան հանդէպ՝ վստահ եմ, որ անոնց հաճոյանալու համար Ռուսաստանը «քլնգելը» ոչ թէ պետական, այլ՝ եթէ մեղմ արտայայտութիւն օգտագործենք, «չտեսական» մօտեցում է:
Արդիւնքը՞: Փութին ու Ալիեւ մեր հարցին վերաբերող որեւէ բան կը պայմանաւորուին եւ Ռուսաստանի նախագահը իրենց կը խոստանայ Փաշինեանը տեղեակ պահել այդ պայմանաւորուածութեան մասին։
Հնարաւո՞ր է արդեօք, այդ պարագային, որեւէ դրական ընթացք ակնկալել մեզի համար:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի