ՀԱՐԹԵԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վերջին օրերուն նամակներ ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ Այդ նամակները յանձնելու նպատակով վերջին օրերուն իրերայաջորդ Երեւան եւ Պաքու այցելեց Պայտընի յատուկ օգնականը՝ ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի գծով ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըր, որուն ընկերացաւ պետական քարտուղարի Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ։ Երէկ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Բացի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւս տեսակցեցան Քարփենթըրի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային եւ արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին։ Հայկական կողմը կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքման համար։ Երեւանի ղեկավարութիւնը ընդգծեց իր շահագրգռուածութիւնը՝ տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Մայքըլ Քարփենթըր ընդգծեց, որ ԱՄՆ կ՚աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։
Թէ՛ Փաշինեանին եւ թէ Ալիեւին ուղղեալ նամակներուն մէջ Ճօ Պայտըն նշած է, որ կը խրախուսէ մինչեւ այս տարեվերջ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի տեսքի բերուիլը։ Ան համոզուած է, թէ այդ մէկը կը վերափոխէ ամբողջ Հարաւային Կովկասը։ «Իմ վարչակազմը պատրաստ է համարձակ նախաձեռնութիւններու, որոնք կը նպաստեն դէպի խաղաղութիւն ճանապարհ հարթելու», նշուած է Պայտընի նամակին մէջ։
Բաց աստի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարօ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին ժամանակ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը խախտէ Հայաստանի դէմ միջազգային իրաւունքը։ «Ֆրանսա միշտ կը գտնուի միջազգային իրաւունքի եւ արդարութեան կողքին ու կը դատապարտէ միջազգային իրաւունքի խախտումները զանազան տարածաշրջաններէն ներս», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը։