Ուրբաթ 28, Փետրուար 2025
ՆՈՐ ԵԼՔԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՈՐՈՆՈՒՄ
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ Ժընեւի մէջ սկսած բանակցութիւնները վերջին պահուն ձախողեցան։ ՄԱԿ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այդ բանակցութիւնները սառեցուած են։ Ծանօթ է, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավարները վերջին շրջանին բաւական արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարած էին, սակայն անոնց առթած լաւատեսութիւնը վերջին պահուն չէր արդարացած։
Առկայ ձախողման պայմաններուն ներքեւ հաւանական կը համարուի, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս մէկտեղուելով փորձեն գտնել ելք մը։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016