ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն գծով նահատակներուն թիւը բարձրացած է 16-ի։ Ան մաղթեց, որ Աստուած հանգիստ շնորհէ անոնց հոգիներուն։
Ազգային մեծ ժողովի մէջ Ֆիքրի Ըշըք երէկ բացատրութիւններ տուաւ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու ընթացքին շուրջ։ Նախարարը յիշեցուց, որ Առաջին աշխարհամարտէն ի վեր մեր տարածքաշրջանէն ներս նման տակնուվրայութիւն մը ծագած է աննախընթացօրէն։ Առկայ իրավիճակին մէջ, «Եփրատի վահան» գործողութիւնը յառաջ կը տարուի մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ անվտանգ գօտի մը ստեղծելու առաջադրութեամբ՝ միջազգային իրաւունքին համահունչ։ Թուրքիա ապացուցանած է, որ իր ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն շատ կարեւոր տարածքաշրջանէ մը ներս պիտի չհանդուրժէ ահաբեկչական միջանցքներու ձեւաւորման եւ կատարուած իրողութիւններու։ Թուրքիա այն երկիրն է, որ մեծագոյն պայքարը կը մղէ տարածքաշրջանի բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ։ «Ազատ Սուրիոյ բանակին կը տրուի մեր զօրքերուն աջակցութիւնը՝ որպէսզի Սուրիոյ հիւսիսը զտուի ահաբեկչական ամէն տեսակ սպառնալիքէ», ըսաւ նախարարը։
Խորհրդարանին մէջ Ֆիքրի Ըշըք ընդգծեց նաեւ, որ ներկայ փուլին մեծ ջանքեր կը գործադրուին՝ որպէսզի Էլ Պապ քաղաքը մաքրագործուի ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Այս կէտին վրայ ահաբեկիչներն ալ կը ցուցաբերեն մեծ դիմադրութիւն։