ՈՐՄՆԱՆԿԱՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան Կիւմրիի մէջ յայտարարեցին նշանաւոր նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Սարերում» որմնանկարի վերականգնման ու պահպանման աշխատանքներուն աւարտը: Որմնանկարի վերականգնումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին գանձատրմամբ:
Տրամադրուած նիւթական միջոցներով այս որմնանկարը դուրս բերուած է լքուած գործարանի մը շէնքէն, ապա կատարուած են վերականգնման ու պահպանման աշխատանքները եւ անիկա տեղադրուած է Կիւմրիի Աճեմեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի շէնքին երկրորդ յարկը՝ կրկին հասանելի դառնալով հանրութեան:
«Այս որմնանկարը, որուն վերականգնման աշխատանքներուն աւարտը կը նշենք այսօր, քանի մը տարի լքուած գործարանի շէնքի մը մէջ կը գտնուէր՝ աչքէ հեռու ու փոշիի մէջ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին շնորհիւ անիկա այժմ նոր շունչ ստացած է: Անիկա կը գտնուի արուեստագէտներու, համայնքային առաջնորդներու ու նորարարներու յաջորդ սերունդի աչքին առջեւ. այժմ անոնք պիտի կարենան տեսնել Յակոբ Յակոբեանի այս ստեղծագործութիւնը, ծանօթանալ անոր պատմութեան, ինչ որ պիտի ներշնչէ զանոնք՝ Հայաստանի ոգին արտացոլացող արուեստի նոր գործեր ստեղծելու», նշած է դեսպան Միլզ: «Մշակոյթը, արուեստը, աւանդութիւնները կ՚օգնեն վեր առնելու Հայաստանի ինքնատիպութիւնը: Ամերիկացիները կը կիսեն մշակոյթի հանդէպ այս սէրը: Պահպանելով այս հայկական գանձերը՝ մենք ո՛չ միայն կ՚օգնենք մեր ժողովուրդներու մերձեցման, այլ նաեւ կը պահպանենք այս ինքնատիպ արժէքները` ապագայ սերունդներուն համար», աւելցուցած է դեսպան Միլզ:
Որմնանկարին հեղինակը յայտնի հայ գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանն է (1923-2013), որուն ստեղծագործութիւնները կը նկատուին ազգային գանձեր: Անոր որմնանկարները տեղ գտած են Շիրակի մարզի Պահպանուող պատմական մշակութային արժէքներու ցանկին մէջ:
«Սարերում» որմնանկարի վերականգնումի աշխատանքները կատարուած են «Մինաս Աւետիսեան մշակութային հիմնադրամ»ին կողմէ, Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքի «Ռեստաւրացիա» հիմնարկի նշանաւոր վերականգնող մասնագէտ Ֆապրիցիօ Եաքոփինիի մասնակցութեամբ: «Վերականգնողին աշխատանքը սիրոյ ու յարգանքի դրսեւորում է՝ նկարիչներուն ու անոնց ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ: Իսկ այդ նուիրուած ու ջերմեռանդ աշխատանքին արգասիքը այսօր բոլորս կը տեսնենք», հաստատած է ան: