ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հարաւային Կովկասի դերակատարներուն միջեւ դիւանագիտական շփումները այս շրջանին կը խտանան։ Երէկ, իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ տեղի ունեցան Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ Բաց աստի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը շեշտեցին տարածաշրջանի պետութիւններուն յառաջատար դերն ու առանձնայատուկ պատասխանատուութիւնը՝ կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Կողմերը հաստատեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Եւրոպայի անվտանգութեան հարցերուն շուրջ ամուր երկխօսութեան պահպանման տրամադրութիւնը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ երէկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին շնորհաւորական մը ուղարկեց՝ ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Փութին այս առթիւ բարձր գնահատեց Ալիեւի դերը՝ Մոսկուա-Պաքու դաշնակցային կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ զրուցելու ընթացքին քննարկեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։ Ֆիտան ընդգծեց խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրման կարեւորութիւնը։
Բաց աստի, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Իրանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն՝ Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Լաւրով եւ Ապտուլլահիան քննարկեցին տարածաշրջանային արդիական հարցեր։ Ռուսական կողմի հաղորդած այս սահմանափակ տեղեկութիւններուն վրայ եկան աւելնալ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրներու հրապարակումները, ըստ որոնց Ապտուլլահիան դիտել տուած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ձեռքբերման ուղղութեամբ բանակցութիւններու ընթացքը դրական է եւ տարածաշրջանի երկիրները կրնան շինիչ դեր խաղալ խաղաղութեան հաստատման եւ ապահովման ուղղութեամբ։ Ապտուլլահիան շեշտած է, որ որոշ օտար կողմերու միջամտութիւնը բացասական հետեւանքներ կրնայ ունենալ տարածաշրջանէն ներս։ Իր կարգին, Լաւրով ողջունած է Իրանի կարեւոր ու շինիչ դերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման աջակցելու առումով։ Անդրադառնալով «3+3» ձեւաչափին՝ ան ընդգծած է, որ փոխկապակցուած երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը անհրաժեշտ է՝ աջակցելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու։
Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները Լաւրով-Պայրամով երէկուան հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ ալ բովանդակային մանրամասնութիւններու չանդրադարձան ու բաւարարուեցան տեղեկացնելով, որ նախարարները քննարկած են տարածաշրջանի այժմու իրավիճակը։