ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՌԱՒ ԻՐ ՔԱՅԼԸ. ԳՆԴԱԿԸ ԱՄՆ-Ի ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ

Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Համապատասխան արձանագրութիւնը խորհրդարանին կողմէ ընդունուեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան, ՄՀՓ-ի, ՃՀՓ-ի եւ «Կելեճէք» կուսակցութեան երեսփոխաններու քուէներով։ Ընդհանուր առմամբ, ձայներու յարաբերակցութիւնը եղաւ՝ 287 կողմ, 55 դէմ եւ 4 ձեռնպահ։

Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան համար տրուած հաւանութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, այս խնդիրը Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին կարեւոր թնճուկի մը վերածուած էր։ Գործնականօրէն Շուէտի անդամակցութեան եւ «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու գործարքի վերաբերեալ խնդիրները կախուածութեան մէջ դրուած էին։

Տեղական մամուլի մեկնաբանները կը յիշեցնեն, որ այս գործընթացէն ներս Միացեալ Նահանգներ միշտ Թուրքիայէն ակնկալած է առաջին քայլերը։ Ուստի, ներկայիս կ՚ակնկալուի, որ Թուրքիա կարենայ 40 «Ֆ-16» նոր կործանիչ ապահովել, իսկ 79 հատի պարագային ալ արդիականացման խոչընդոտները յաղթահարել։ Գործընթացը այնպիսի կէտի մը հասած է, որ ապագայ բոլոր հաւանական խոչընդոտները կրնան շրջանցուիլ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի լիազօրութիւններու օգտագործմամբ Լուծման այս գետինը համաձայնեցուած էր երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2024