ՆԿԱՏԵԼԻ ՅԵՏԸՆԹԱՑ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման առումով ցարդ դրական արդիւնք մը չկայ։

Երէկ, Արարատ Միրզոյեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ օրակարգի գրեթէ բոլոր անմիջական ուշադրութեան առարկայ խնդիրներուն շուրջ։ Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան երդիքին տակ։

Երեւան-Պաքու առանցքի վիճակը մեկնաբանելու ժամանակ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան սահմանազատման քարտէսներու հարցով Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ յետընթաց կը նկատէ։ Ան թէեւ չբացառեց ականապատ դաշտերու վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններու փոխանցումը, սակայն, բացայայտօրէն շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ մագլցման հաւանականութիւն կը տեսնէ։ Այս վտանգը կը բացատրուի նաեւ այն հանգամանքով, որ միջազգային յառաջատար դերակատարներու շարքին դասուած կարգ մը երկիրներու մէջ նախատեսուած են ընտրութիւններ։ «Հայաստան Ատրպէյճանի մօտ քաղաքական կամքի բացակայութիւն կը տեսնէ խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ կողմերուն միջեւ մօտաւոր անցեալի դրական միտումը չէ շարունակուած։ Երեւան կը յուսայ, թէ Պաքու կը վերադառնայ կառուցողական դաշտ։ Նախարարին խօսքով, Երեւանի տեսակէտէ սկզբունքային չէ Պաքուի հետ բանակցութիւններու ձեւաչափը, այլ սկզբունքային է բովանդակութիւնը։

Վերջերս շրջանառութեան մէջ մտած լուրերու լոյսին տակ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան Ատրպէյճանէն որեւէ առաջարկ չէ ստացած՝ սահմանին վրայ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Բաց աստի, ան հերթական անգամ շեշտեց, որ Հայաստան որեւէ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած միջանցքի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ Նախարարը հերթական անգամ կրկնեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան գործօն քայլերը անհրաժեշտ են։

Արարատ Միրզոյեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը իրարու սահմանադրութիւններուն մէջ իրաւական խնդիրներ տեսած են ու այդ բոլորը ներկայացուցած՝ փոխադարձաբար։ Յամենայնդէպս, ան չափազանցութիւն նկատեց Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացը Սահմանադրութեան փոփոխութեան պատճառ համարելը։ Նախարարին այս նիւթին վերաբերեալ բանաձեւումները ուշադրութեամբ ունկնդրուեցան՝ քանի շաբաթավերջին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան նոր սահմանադրութեան մը կարիքն ունի, իսկ երկրի ընդդիմութիւնը բուռն արձագանգ կու տայ այդ խօսքերուն։

Միրզոյեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Երեւան-Մոսկուա առանցքի տարաձայնութիւններուն։ Ան Ռուսաստանի գործընկերներուն յորդորեց անհիմն մեղադրանքներ չվերագրել Հայաստանին։

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան անվտանգային հարցերը լուծելու համար նոր դաշնակիցներու կարիք կը տեսնէ։

Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու համար բանալու համաձայնութեան մասին ալ խօսեցաւ Միրզոյեան՝ մատնանշելով, որ այս նիւթը արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ ալ քննարկած էր անցեալ հոկտեմբերի 23-ին, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին։ Իր վկայութեամբ, նախարարները վերահաստատած էին այդ պայմանաւորուածութիւնը։ «Ինչպէս կրնաք տեսնել, մինչ օրս այս ուղղութեամբ շօշափելի եւ առարկայական քայլեր կա՛մ չեն առնուած, կամ վերջնական արդիւնք մը չկայ։ Այդ սահմանը նշուած խումբի մարդոց համար բաց չէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ երկու կողմէն ալ կատարուած է ենթակառուցուածքներու ուսումնասիրութիւն՝ անցակէտերու, ճանապարհներու, կամուրջի մասով, սակայն, սահմանը կը շարունակէ մնալ փակ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2024