ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Կազզէի պատերազմին կասեցումը պատմական պատասխանատուութիւն մըն է։

Երէկ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Կազզէի օրակարգով բարձր մակարդակի ժողով մը գումարեց։ Հաքան Ֆիտան, որ այս նիստին մասնակցելու համար Նիւ Եորք մեկնած էր, հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժիւրնէ նախագահեց այս նիստին, որու բացման խօսքը արտասանեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես։ Այս վերջինը կրկնեց հրատապ հրադադար հաստատելու ուղղեալ կոչը։ Ան համոզուած է, թէ երկու պետութեան հիմունքով լուծումը թէ՛ Պաղեստինի եւ թէ Իսրայէլի ակնկալութիւնները պիտի արդարացնէ։

Հաքան Ֆիտան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ միջազգային հաւաքականութիւնը տակաւին ի զօրու չէ եղած Կազզէի եւ Արեւմտեան Շերիայի արիւնահեղութիւնը կասեցնելու։ Իր խօսքով՝ Կազզէն բացօթեայ կալանավայր մըն էր, իսկ ներկայիս վերածուած է ռազմադաշտի մը, ուր քաղաքային բնակչութիւնը սպանդի կ՚ենթարկուի եւ ուր ռազմական գործողութիւններ կ՚իրականացուին Իսրայէլի վարչապետի քաղաքական թիկունքը ապահովելու համար։ Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ լուրջ պատերազմական յանցագործութիւններ կ՚իրականացնէ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս նախարար Ֆիտան շեշտեց, որ համոզիչ ըլլալէ շատ հեռու են այն պնդումները, ըստ որոնց առկայ պատերազմը Իսրայէլի անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակը կը հետապնդէ եւ սա անոր օրինական ինքնապաշտպանութեան իրաւունքն է։ «Աւելին, անոնք, որոնք այս պնդումները յառաջ կը քշեն, որեւէ ձեւով չեն խօսիր Պաղեստինի անվտանգութեան կամ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին մասին։ Կազզէի եւ Արեւմտեան Շերիայի համայնապատկերը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ իրականութեան մէջ ո՛վ ամենաշատը ունի անվտանգութեան եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի կարիքը», նշեց Հաքան Ֆիտան։ Նիւ Եորքի մէջ ան ընդգծեց նաեւ, որ Կազզէի ապագան միայն ու միայն պաղեստինցիներու ձեռքը պէտք է ըլլայ։ Ի լրումն այս բոլորին, համաշխարհային կազմակերպութեան հարթակին վրայ Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ տակաւին երէկ ռիսք համարուածները այսօր արդէն իրականութիւն դարձած են։ Այս կէտին վրայ ան խոր մտահոգութեամբ յիշեցուց Կարմիր ծովու, Եմէնի, Լիբանանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Փաքիստանի վերջին իրադարձութիւնները։ «Այս մագլցումը ունի աշխարհառազմավարական յորձանուտի մը վերածուելու ներուժը ու ոեւէ մէկը դժուար թէ կարողանայ խուսափիլ ատկէ», ըսաւ Ֆիտան։

Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտան երէկ ալ շարունակեց երկկողմանի շփումները Նիւ Եորքի մէջ։ Ան տեսակցեցաւ Անթոնիօ Կութերեսի, Սթեֆան Սեժիւրնէի, ինչպէս նաեւ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Աթթաֆի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2024