ՔԱԼԸՆԻ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ՝ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ
ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն երէկ Պաղտատի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ռեշիտի եւ վարչապետ Մուհամմէտ Շիա Էս-Սուտանիի հետ։ Ան տեսակցեցաւ նաեւ շիի եւ սիւննի, ինչպէս նաեւ թիւրքմէն խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Քննարկումներու ընթացքին ամենակարեւոր նիւթը դարձաւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Թուրքիա այս շրջանին կը պատրաստուի նոր քայլեր առնել՝ Հիւսիսային Իրաքէ ներս ՓՔՔ-ն չէզոքացնելու համար։ Իպրահիմ Քալընի վերջին շփումներն ալ մաս կը կազմեն Անգարայի այս նախաձեռնութիւններու ծիրին։
Ըստ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հաղորդած մանրամասնութիւններուն, Իպրահիմ Քալընի հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ «Իրաք-Շամի Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը։ Քալըն շօշափեց անվտանգութեան ու տնտեսական համագործակցութեան ոլորտները բարգաւաճման ճանապարհի վերածելու հետամուտ նախագիծերը։ Բանակցութիւններուն ընթացքին մանրամասն շօշափուեցան նաեւ Կազզէի պատերազմին ու անոր տարածաշրջանի երկիրներու վրայ հաւանական ազդեցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Նոյն ամբողջին մէջ կը մատնանշուի, որ ներկայ գործընթացէն ներս չեն արդարացած Անգարայի ակնկալութիւնները Հիւսիսային Իրաքի՝ Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութենէն, ուստի այս կառոյցին դէմ ալ կը ծրագրուին նոր քայլեր եւ Պաղտատի կեդրոնական ղեկավարութիւնն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած է այս հարցին շուրջ Անգարայի հետ ներդաշնակութեամբ ընթանալու ուղղութեամբ։