ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ

Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակը որքան որ կը բարդանայ՝ այնքան կը սաստկանայ նաեւ ազդեցութեան պայքարը միջազգային յառաջատար դերակատարներուն միջեւ։ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ լարուածութեան եւ մանաւանդ՝ Արցախի աւելի քան 70 օրէ ի վեր շրջափակման պայմաններուն ներքեւ այս բոլորը ի յայտ կու գան Ռուսաստան-Արեւմուտք լարուածութեան համայնապատկերին վրայ։ Ներկայիս Հայաստանէ ներս, Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքին արդէն պաշտօնապէս սկսած է Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը՝ երկու տարուան ժամկէտով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Մոսկուա-Պրիւքսել առանցքին վրայ թէ՛ շփումները կը խտանան եւ թէ հակադրութիւնը կը բարձրանայ՝ Հարաւային Կովկասի կապակցութեամբ։ Այս հակասութիւնը, բնականաբար, կու գայ բազմապատկել առկայ մտահոգութիւնները։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։ Հարկ է նշել, որ այսօր նախատեսուած է Թոյվօ Քլաարի Երեւան այցելութիւնը։ Եւրոպացի դիւանագէտի Հայաստան այցելութեան ընդառաջ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Կալուզին նշեց, որ Հայաստանի մէջ, այսպէս կոչուած, Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման Պրիւքսելի որոշումը ունի յստակ աշխարհաքաղաքական նպատակներ։ Այս հանգամանքը չի նպաստեր Անդրկովկասէ ներս իրական կայունացման։ Ան շեշտեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ այս նախաձեռնութեան կապակցութեամբ քոնսենսիւս մը գոյութիւն չունի։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընէն ալ երէկ տեղեկացուեցաւ, որ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն Պրիւքսելի մէջ մէկտեղել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Այս ձեւաչափով աւելի առաջ ալ տեղի ունեցած էին հանդիպումներ, որոնցմէ վերջինը անցեալ տարեվերջին Փրակի մէջ էր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը յոյս ունի Երեւան-Պաքու կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթաց տեսնել յառաջիկայ օրերուն Պրիւքսելի մէջ Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած հանդիպման ընթացքին։ Բանբերը անդրադարձաւ այն յառաջընթացին, որ, ըստ Ուաշինկթընի, Հայաստան եւ Ատրպէյճան արձանագրած են վերջին ամիսներու շփումներու ընթացքին։ Այս յառաջընթացին մասին խօսած էր նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն՝ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումէն վերջ։ Իսկ բանբեր Նէտ Փրայս երէկ շեշտեց, որ այդ յառաջընթացը ապահովուած է կողմերու միջեւ շփումներու արդիւնքով։ «Սա եղած է ԱՄՆ-ի հետ երկկողմանի շփումներու արդիւնքին, ԱՄՆ-ի հետ եռակողմանի շփումներու արդիւնքին, ինչպէս նաեւ շնորհիւ այն աշխատանքին, որ կատարած է Եւրոմիութիւնը իր դիւանագիտութեան միջոցաւ։ Մենք յոյս ունինք տեսնել Պրիւքսելի մէջ յառաջիկայ օրերուն Շարլ Միշելի կողմէ կազմակերպուած բանակցութիւններու ընթացքին եւս յառաջընթաց տեսնելու», ըսաւ ան։

Ի պատասխան լրագրողի մը հարցումին՝ Նէտ Փրայս յայտնեց, որ ամերիկեան կողմի լաւատեսութիւնը չափէ դուրս չէ։ Արդարեւ, Ուաշինկթըն կը շարունակէ հնարաւոր բոլոր միջոցներով աջակցիլ Երեւան-Պաքու երկխօսութեան, այսինքն՝ այն դիւանագիտութեան, որ պիտի ապահովէ համապարփակ լուծում մը։

Իր կարգին, Միխայիլ Կալուզինն ալ երէկ յայտնեց, որ Ռուսաստան կ՚ողջունէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կրնայ աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն։ Ըստ իրեն, կարեւոր է խուսափիլ ձեռնարկուած միջնորդական ջանքերու կրկնօրինակումէն եւ մրցակցութենէն։ ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը ըսաւ. «Մենք կ՚ողջունենք որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կրնայ աջակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն։ Ինչպէս արդէն ըսած եմ, Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան հիմքին կը գտնուի Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքի եռակողմանի համաձայնութիւններու համալիրը։ Նկատի ունիմ փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը, հասարակական գործիչներու եւ փորձագէտներու միջեւ շփումներու միջոցաւ վստահութեան ձեւաւորումը, խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման ուղղեալ միջոցները։ Գլխաւորը՝ խուսափիլ ձեռնարկուած միջնորդական ջանքերու կրկնօրինակումէն եւ մրցակցութենէն, հասնիլ անոնց սիներժիին»։ Այս ամբողջին մէջ ռուս փոխ-նախարարը կարեւորեց նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ վերջերս արտայայտուած պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար միջնորդ դառնալու ուղղութեամբ։

Բաց աստի, նոյն հարցազրոյցին մէջ, Կալուզին նշեց, որ ռուսական կողմը հետեւողական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի չափանիշներու մշակման հարցին մէջ։ Ռուսաստան նպատակաուղղուած ջանքեր կը գործադրէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Անոնք հիմնուած են վերջին տարիներուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւններու հիման վրայ։ Այդ համաձայնութիւնները կը նախատեսեն շարք մը առաջնահերթ միջոցառումներ, ներառեալ՝ երկու երկիրներու միջեւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը, քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ շփումներու զարգացումը։ «Այս քայլերը պէտք է ապահովեն տարածաշրջանէն ներս ամուր, կայուն եւ արդար խաղաղութեան պայմաններու ստեղծումը։ Այս բանին արտացոլացումը պիտի ըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Մեր միջնորդութեան էութիւնն է, որ ապահովուի շինիչ եւ բովանդակալից երկխօսութիւն՝ երկու կողմերու շահերը հաշուի առած փոխադարձ ընդունելի լուծումներ գտնելու համար։ Այս նպատակով Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման հարցերով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչը կանոնաւոր ուղեւորութիւններ կը կատարէ դէպի Երեւան եւ Պաքու։ Մենք մեր գործընկերներուն փոխանցած ենք ռուսական նկատառումները խաղաղութեան գործընթացի հիմնական սկզբունքներու եւ չափանիշներուն վերաբերեալ եւ անոնք հաշուի կ՚առնեն մեր մօտեցումները», յայտնեց Կալուզին։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023