ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ԱԼԻԵՒԻ ԵՒ ԻՐ ՄԻՋԵՒ ԱՌԿԱՅ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւան-Փարիզ համագործակցութիւնը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ է՝ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան խորացումով։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպաստիան Լըքորնիւ երէկ ստորագրեցին՝ այս ոլորտէն ներս համագործակցութեան խորացման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթեր։ Ֆրանսացի նախարարը, որ երէկ աւարտեց դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութիւնը, օրուան ընթացքին հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ «Ֆրանսա՝ անվտանգութեան ոլորտի մէջ յարաբերութիւնները տեսակաւորելու ուղղեալ Հայաստանի որոշումին արձագանգած առաջին երկիրներէն մին է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ։ Իր կարգին, Սուրէն Պապիկեանն ալ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ստորագրուած պայմանագրերը ուղղուած չեն որեւէ երկրի դէմ։

Նախօրէին Նիկոլ Փաշինեան արդէն Փարիզի մէջ էր, ուր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու կողմէ ընդունուելու առընթեր հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «France 24» հեռուստակայանին։ Վարչապետը այդ հարցազրոյցին մէջ ալ կարեւոր մատնանշումներով հանդէս եկաւ։ «Ատրպէյճան մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ հայկական բանակի բարեփոխումներուն դէմ, բայց ինքը միլիառաւոր տոլարներու զէնքեր կը գնէ», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան ընդգծեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ իր միջեւ առկայ խոր անվստահութիւնը։ «Ես չեմ կրնար Ալիեւին վստահիլ, ինքն ալ ինծի», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Սեպաստիան Լըքորնիւն ալ Երեւանի մէջ յայտնեց, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ֆրանսա պատրաստ է Հայաստանին տրամադրելու նաեւ տարբեր հեռահարութեամբ հրթիռներ՝ ներառեալ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր։

Հարկ է նշել, որ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ ալ արձագանգ գտած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրերը։

Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի հետ։

Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ արձագանգել Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Երեւան սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։ Թէ՛ Քրեմլինի եւ թէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ յայտնեցին, որ այս կապակցութեամբ պարզաբանում կ՚ակնկալեն Երեւանի իրենց գործընկերներէն։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024