ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԲԱՑ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հայաստանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիահու Երուշայմիի հետ, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Նորանշանակ դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց դեսպանը եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստակամ են սատարելու անոր ջանքերուն՝ երկկողմանի կապերու ամրապնդման ու զարգացման ուղղութեամբ։ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ երկու ժողովուրդներու դարաւոր պատմական առընչութիւնները կը պարտաւորեցնեն աշխուժացնել ու նոր որակ մը հաղորդել միջպետական յարաբերութիւններուն։ Սարգսեան կարեւորեց վերջին շրջանին միջխորհրդարանական եւ հանրային յարաբերութիւններու մէջ նկատելի աշխուժութիւնը։
Իր կարգին, Էլիահու Երուշայմի նշեց, որ Իսրայէլ կը փափաքի Հայաստանի հետ ունենալ բաց ու զարգացած յարաբերութիւններ։ Ան յայտնեց, որ իր հետ Երեւան տարած է Իսրայէլի կառավարութեան այդ պատգամը։ Որպէս դեսպան՝ պիտի գործադրէ ամէն ջանք այդ պատգամը հնարաւորինս արագ իրականացնելու համար։ Դեսպանին խօսքերով, Իսրայէլի մէջ խոր ակնածանքով կը վերաբերուին հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ իրեն համար մեծ պատիւ է ծառայել երկու հինաւուրց ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ու միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ զանազան ոլորտներէ ներս Հայաստան-Իսրայէլ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն եւ հեռանկարներուն։ Միեւնոյն ժամանակ նախագահը եւ դեսպանը կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային խնդիրներու եւ զարգացումներու շուրջ։