ՀԵՏԱՔՆՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով կը պատրաստուի այցելել Իսրայէլ։ Ուղեւորութիւնը նախատեսուած է ամսուայ վերջին։ Ան պիտի մասնակցի Ատրպէյճանի դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութեան։ Վերջերս Իսրայէլի մօտ Ատրպէյճանի նորանշանակ դեսպան Մուհթար Մամետով իր հաւատարմագրերուն պատճէնը յանձնած էր այդ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութեան։

Մինչ այդ, Իսրայէլի յայտնի «Հաարէց» թերթին մէջ լոյս տեսաւ հետաքննութեան մը արդիւնքները, որոնք ուշագրաւ տուեալներ կը բովանդակեն Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ, անշուշտ, շատ յատկանշան է նաեւ Հայաստանի համար։ Այսպէս, լրատուամիջոցները եզրակացուցած են, որ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի օդակայաններուն միջեւ իրականացուած է աւելի քան 90 թռիչք, որ կ՚օգտագործուի սովորաբար պայթուցիկ նիւթերու արտածման համար։

Ըստ հետաքննութեան, տակաւին անցեալ շաբթուան մէջ բեռնատար ինքնաթիռով ուղեւորութիւն մը կատարուած է։ Այս ընթացքին օդանաւը քանի մը ժամով կանգ առած է Էլիաթի հիւսիսին գտնուող Իսրայէլի «Օվտա» ռազմաօդային խարիսխին մէջ ու վերադարձած Պաքու։ Լրատուամիջոցներու հետաքննութեան արդիւնքներով պարզուած է, որ վերջին եօթ տարիներուն Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ իրականացուած է նման 92 չուերթ։ Ատրպէյճանի «Silk Way» օդային ընկերութեան կողմէ իրականացուած են այդ թռիչքները։ Այդ մէկը Ատրպէյճանի մասնաւոր բեռնափոխադրումներու օդային ընկերութիւններէն մին է։ Նշուած է նաեւ, որ Իսրայէլ Ատրպէյճանին գաղտնի վաճառած է միլիառաւոր տոլարներու զէնք ու զինամթերք եւ փոխարէնը ստացած է նաւթ։

Նոյն զեկոյցին մէջ կը մատնանշուի, որ Ատրպէյճան Իսրայէլին թոյլ կու տայ հեշտութեամբ մուտք գործել Իրան ու վերահսկել այն, ինչ որ կը կատարուի այդ երկրին մէջ։ Այս բոլորը կ՚ըլլան Ատրպէյճան-Իրան սահմանին վրայ։

«Հաարէց»ի հետաքննութեան լոյսին տակ ընկերային ցանցերու վրայ օգտատէրերու կողմէ քննարկուած են քանի մը տեսութիւններ։ Ոմանք կը պնդեն, որ Իսրայէլ կրնայ զինել Ատրպէյճանը, որպէսզի օգնէ անոր Հայաստանի դէմ պայքարելու ժամանակ։ Ուրիշներ ալ պնդած են, որ Իսրայէլ Ատրպէյճանի մէջ գաղտնի ռազմախարիսխներ կը կառուցէ՝ Իրանի հետ հաւանական պատերազմը հաշուարկելով։

Ատրպէյճան-Իսրայէլ ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ վերջերս ուշագրաւ տուեալներ հրապարակուեցան նաեւ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտական կաճառի (SIPRI) զեկոյցին մէջ։ Այսպէս, 2018-2020 թուականներուն Ատրպէյճան եղած է այն երկրորդ երկիրը, ուր Իսրայէլէն ամենաշատ սպառազինութիւն արտահանուած է։

ՊԱՔՈՒԷՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Իսրայէլի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Մուհթար Մամետով հարցազրոյց մը տուաւ «The Jerusalem Post» թերթին։ Ան յայտնեց, որ իր երկիրը Իսրայէլին օդակայաններ չի տրամադրեր, եթէ ան որոշէ յարձակիլ Իրանի միջուկային կառոյցներուն վրայ։ Դեսպանը վստահեցուց, որ Ատրպէյճան չի միջամտեր այլ երկիրներու ներքին գործերուն ու թոյլ չի տար, որ իր տարածքը այլ երկիրներու դէմ օգտագործուի։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023