ՆՈՐ ԵՐԿԲԵՒԵՌ ԱՇԽԱՐՀԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ

Մինչ Արցախի շրջափակումը բոլորեց իր 100-րդ օրը, հակառակ միջազգային հասարակութեան համատարած դատապարտումին, Ատրպէյճան անվրդով ու վճռակամ կը շարունակէ իր ապօրինի արարքը, որուն հետ լռելեայն համակարծիք ըլլալ կը թուին ռուսական եւ արեւմտեան հակադիր ճակատները։ Այսպէսով, Արցախի հակամարտութիւնը կը մնայ անել դրութեան մէջ, զոհ՝ Արեւմուտք-Ռուսաստան միջազգային առճակատումին։ Կարեւոր է ընդգծել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին վերջերս ըրած յայտարարութիւնը, ուր ան միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան կը յանձնէր, թէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութենէն չէ մնացած կէտ մը, զոր Ատրպէյճան երկու տարիէ ի վեր խախտած չըլլար։ Սակայն, հակառակ ասոր, թէ՛ Եւրոմիութիւնը եւ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները յստակօրէն յայտարարեցին, որ Ատրպէյճանի դէմ որեւէ պատիժ կիրարկելու նպատակ չունին։ Վերջակէ՛տ։

Տնտեսական պատիժներու առընթեր, Արեւմուտքը դիմեց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեան, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը կալանաւորելու հրահանգ արձակեց։ Որքան որ ալ շատերու համար միջազգային արդարադատութեան կարեւոր որոշում մը թուի այս վճիռը, նոյնքան ալ ուրիշներու համար Արեւմուտքի՝ երկու չափ-երկու կշիռի յստակ արտայայտութիւնն է։ Իսկ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը ե՞րբ պիտի կայացնէ ԱՄՆ-ի (նախկին) նախագահ Ճորճ Պուշը, Միացեալ Թագաւորութեան (նախկին) վարչապետ Թոնի Պլէյրը կալանաւորելու որոշում՝ Իրաքը աւերած ըլլալու համար։ Նոյնպէս՝ Սուրիան քայքայողներուն դէմ։ Դեռ չխօսինք մարդկային իրաւանց եւ ժողովուրդներու դէմ Ալիեւի (…) գործած ոճիրներուն մասին։

Արեւմուտք-Ռուսաստան հակամարտութիւնը նոր աշխարհակարգ մը ձեւաւորելու վրայ է։ Այնտեղ Չինաստան պիտի ունենայ առանցքային դերակատարութիւն մը։ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի Ռուսաստան այցելութիւնը եւ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական դաշինքի ստորագրումը ասոր բացայայտ դրսեւորումն է։ Յստակ է, որ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի սահմանած պատիժները սպասուած արդիւնքը չտուին։ Եւրոպական շուկայի փոխարէն Ռուսաստան ուժանիւթի վաճառքը շեղեց դէպի Չինասատան, Հնդկաստան, որոնք օգտուեցան միջազգային շուկայէն աւելի նպաստաւոր գիներով ուժանիւթ ձեռք բերելու առիթէն։ Նոյնպէս, Ռուսաստան Չինաստանէն եւ այլ երրորդ երկիրներէ, ի միջի այլոց Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն, ստացաւ արգելքի ենթակայ արեւմտեան ապրանքներու կարեւոր մէկ մասը։ Անշուշտ, Եւրոպական Միութեան երեսփոխաններու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն կեղծաւոր երեւոյթը, թէ ԵՄ ռուսական կազ կը գնէր Ատրպէյճանի միջոցով, Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի Պաքուի մէջ Ալիեւի հետ կնքած պայմանագրով։

Չինաստան միջազգային յարաբերութիւններու մէջ եւս նոր հաշտարարի դերակատարութիւն ստանձնած է։ Սի Ծինփինի շնորհիւ Փեքինի մէջ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ հաշտութիւն գոյացաւ. երեւոյթ մը, որ իր դրական ազդեցութիւնները պիտի ունենայ Եմէնի, Սուրիոյ եւ այլ արաբական երկիրներու հակամարտութիւնները խաղաղեցնելու դիտանկիւնէն։ Նոյնպէս, Սի Ծինփինի Մոսկուա այցելութեան առթիւ պիտի քննարկուէր ռուս-ուքրանական խաղաղութեան չինական ծրագիրը։

ԱՄՆ-ի կողմէ Թայուանի պաշտպանութիւնը եւ Չինական ծովուն մէջ գերակայութեան մրցակցութիւնը նպաստաւոր ազդակներ են Ռուսաստան-Չինաստան արագ մերձեցման, որ կրնայ նաեւ Ուքրայնայի պատերազմին մէջ Ռուսաստանին ապահովել անսպասելի առաւելութիւն մը։ Վերջերս, արեւմտեան երկիրները կ՚ահազանգէին իրենց սպառազինութեան պաշարներու անկումին մասին։ Եթէ չինական հաշտութեան առաջարկը մերժուի եւ Չինաստան զօրավիգ կանգնի Ռուսաստանին ընդդէմ Արեւմուտքի, պատերազմի դաշտին վրայ բնականաբար այս պարագան պիտի ունենայ իր ազդեցութիւնը՝ ինչպէս որ Իրանի անօդաչու սարքերը Ռուսաստանին ապահովեցին կարգ մը առաւելութիւններ։ Այսպէսով, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը Արեւմուտք-Չինաստան բախումի վերածուելու ընթացքի մէջ է։ Եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան սրացման մէջ Արեւմուտքի պատասխանատուութիւնը մեծ է՝ յատկապէս ՆԱԹՕ-ի դէպի Արեւելեան Եւրոպա տարածուելու մարմաջին պատճառով, ինչ որ Ռուսաստանի մէջ սովետական շրջանի կիրքերու եւ վախերու զարթնումին պատճառ դարձաւ։ Չինաստան եւս այդ ընդլայնումը իր անվտանգութեան սպառնալիք համարեց։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023