ՆՈՐ ՄԱԳԼՑՈՒՄ Չ՚ԸԼԼԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ օրուան երկրորդ կէսին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուշագրաւ գրառումով մը։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր եւ այդ մէկը հիմնուած պիտի ըլլայ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ ձեռք բերուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն հիման վրայ։ Նոր մագլցում պիտի չըլլայ։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է վճռականօրէն աջակցի այս պատումին», գրեց վարչապետը։

Մինչդեռ, օրուան սկիզբին, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովի բացման ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ աւելի տարբեր ուղղութեամբ յայտարարութիւններ ըրած էր Երեւան-Պաքու առանցքին կապակցութեամբ։ «Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իրաւունքը կասկածի տակ դնող քաղաքականութիւնն ու խօսոյթն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան չկարգաւորուելուն պատճառը», յայտարարած էր Փաշինեան։ Ան ահազանգ հնչեցուցած էր, որ Ատրպէյճան իրադրութիւնը կը տանի դէպի նոր մագլցում։

Արցախի պաշարումը արդէն 100 օրէ աւելի է, որ կը շարունակուի։ Զուգահեռաբար նախընթաց օր Ատրպէյճանի զօրքերը Հայաստանի սահմաններուն վրայ կրակ բացած էին Երասխի հատուածէն՝ պատճառ դառնալով զինուորի մը նահատակման։ Այս իրավիճակին մէջ վարչապետը նախարարաց խորհուրդի նիստի բացման ըսած էր հետեւեալը. «Միջազգայնօրէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու անպատիժ խախտումները Ատրպէյճանի կողմէ նոր սադրանքներու համար խրախուսանքի կը վերածուի։ Նման հրէշաւոր սադրանք մը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ Ատրպէյճան նպատակային դիպուկահար կրակոցով սպաննեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ծառայողներէն Արշակ Սարգսեանը։ Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ այն ակնյայտ փաստին վրայ, թէ Ատրպէյճան իրադրութիւնը կը տանի դէպի նոր մագլցում»։ Բաց աստի, ան մատնանշած էր, որ սա աւելի կը հիմնաւորէ Պաքուի՝ պետական մակարդակով վարուած այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ատրպէյճանի» անհեթեթ խօսոյթը, ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն կը համարուի։ «Ընդհանուր առմամբ պէտք է ընդգծեմ, որ այս խօսոյթը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ մեր կառավարութիւնը սկիզբէն ճիշդ ընթերցած է Ատրպէյճանի պատգամները եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իրաւունքը կասկածի տակ դնող քաղաքականութիւնն ու խօսոյթն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան չկարգաւորուելուն պատճառը», ըսած էր Փաշինեան։

Ուաշինկթընէն ալ երէկ հերթական դրական սպասումը բարձրաձայնուեցաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրել։ Պետական քարտուղարի բանաձեւումով՝ այս սպասումը անկարելի է չափազանց լաւատեսութիւն համարել։

Միւս կողմէ, տարածաշրջանի բոլոր շահագրգիռ ու ազդու դերակատարներն ալ կը շարունակեն իրենց նախաձեռնութիւնները։ Երէկ հաղորդուեցաւ, որ ներկայ ամսուան վերջաւորութեան Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան հանդիպում մը պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ։ Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ նախատեսուած են նաեւ քննարկումներ Հարաւային Կովկասի պարագային։ Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յոյս յայտնեց, թէ մօտաւոր ապագային հնարաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպել Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։

Միեւնոյն ժամանակ, ռուս բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դէպքերու թիւի աճով։ «Իսկապէս մտահոգուած ենք թշնամական հռետորաբանութեան աճով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դէպքերու թիւի աճով, Լաչինի միջանցքի շուրջ իրադրութեան կարգաւորման հարցին մէջ փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ կողմերու պատրաստակամութեան բացակայութիւնով։ Մեր յենակէտն է, որ հաշտութեան գործընթացը այլընտրանք չունի։ Այս ուղղութեամբ մենք վճռակամ ենք եւ կը վերահաստատենք մեր դիրքորոշումը։ Հարկաւոր է վերսկսիլ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն։ Կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորել իրենց յայտարարութիւններուն մէջ, զսպուածութիւն իրենց գործողութիւններուն մէջ եւ վերսկսիլ բանակցութիւնները Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով՝ ներառեալ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը, խաղաղութեան համաձայնագրի նախապատրաստումը, հասարակական գործիչներու, խորհրդարանականներու հանդիպումներու կազմակերպումը եւ այլն», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023