ՔՈԼՈՆՆԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ Ան տարածաշրջանային ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ յաջորդ ամիս։ Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս, հարցումի մը պատասխանելու ժամանակ Քաթրին Քոլոննա երէկ տեղեկացուց, որ ապրիլի տեւողութեան կը ծրագրէ այցելել Երեւան եւ Պաքու։
Ծերակուտականի մը կողմէ Հայաստանի մասին հարցուած հարցման ի պատասխան՝ Քոլոննա ըսաւ. «Առաջին իսկ օրէն Ֆրանսա կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը։ Այս շրջափակումը կը սրէ լարուածութիւնը։ Ես կը ծրագրեմ ապրիլի վերջաւորութեան մեկնիլ Պաքու եւ Երեւան՝ այս պատգամը յղելու համար։ Ֆրանսա քայլերու կը ձեռնարկէ»։
Ծերակուտականի հարցման տուած պատասխանին ժամանակ Քաթրին Քոլոննա անդրադարձաւ նաեւ Միջազգային արդարադատութեան ատեանին կողմէ արձակուած վերջին դատավճռին, որով Ատրպէյճանէն պահանջուած էր անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը։