ԱՆՅՈՅՍ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Խա­ղա­ղու­թեան խորհր­դա­ժո­ղո­վը, ո­րուն տան­տէրն էր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։ Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ Թուր­քիա ժա­մա­նած մի­ջազ­գա­յին հիւ­րե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ­մէ վերջ այ­սօր յետ­մի­ջօ­րէին պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին Չա­նաք­քա­լէի մէջ կը մաս­նակ­ցի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ այս ո­գե­կո­չում­նե­րուն ներ­կայ կ՚ըլ­լան նաեւ օ­տա­րերկ­րեայ պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը։

Ե­րէ­կուան Խա­ղա­ղու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ 1915-ի դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ հա­յոց բո­լոր պնդում­նե­րը ան­հիմն են։

Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ Էր­տո­ղան դի­տել տուաւ, որ Թուր­քիա չե­ղեալ չի նկա­տեր ապ­րուած ո­րե­ւէ ցաւ եւ մա­հա­ցած հա­յե­րուն հա­մար եւս կը զգայ ցաւ։ «Ա­նոնք մեր սե­փա­կան քա­ղա­քա­ցի­ներն են։ Պատ­մու­թիւ­նը քի­նախնդ­րու­թեան եւ ա­տե­լու­թեան մի­ջո­ցի մը վե­րա­ծե­լը նա­խե­ւա­ռաջ օ­գուտ մը չի բե­րեր հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան։ Մա­հա­ցած մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց շար­քին միայն հա­յոց վեր առ­նուե­լով ար­շա­ւան­քի մը վե­-րա­ծուե­լուն դէմ ենք։ Եր­բեք չենք կրնար ըն­դու­նիլ Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի տե­ւո­ղու­թեան մա­հա­ցած հա­յե­րու ար­շա­ւան­քի մը մի­ջո­ցի վե­րա­ծուե­լուն։ Մեր ան­կեղծ խա­ղա­ղու­թեան ձեռ­քը միշտ օ­դին մէջ մնա­ցած է։ Թող եր­թան մեզ թող հարց­նեն Թուր­քիոյ հա­յե­րուն. մի­թէ տան­ջանք կա՞յ», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան նա­խա­գա­հը յայտ­նեց, թէ այն պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ՚ա­ջակ­ցին հա­յոց պե­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րե­ւէ մէ­կը Թուր­քիոյ նման մա­քուր ան­ցեալ մը չու­նին։ «Հա­յոց պնդում­նե­րուն ա­ջակ­ցե­լով ա­նոնց ցա­ւե­րը բաժ­նող­նե­րը կը հրա­ւի­րեմ բաժ­նե­լու նաեւ ցա­ւը մեր այն չորս մի­լիոն եղ­բայր­նե­րուն, ո­րոնք նոյն շրջա­նին մա­հա­ցան», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ կրկնեց, թէ Թուր­քիա պատ­րաստ է բա­նա­լու նաեւ իր զի­նուո­րա­կան ար­խիւ­նե­րը։ Ան շեշ­տեց, որ այս աշ­խար­հագ­րու­թեան մէջ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի շրջա­նին ապ­րուե­ցան մեծ ցա­ւեր։ Բազ­մա­թիւ ճա­կատ­նե­րու վրայ կը պա­տե­րազ­մէր ազ­գը եւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն իր տա­րած­քէն ներս յա­ռա­ջա­ցած էին հա­սա­րա­կա­կան կար­գու­սար­քի հար­ցեր։ Այս պատ­ճա­ռով ան­պաշտ­պան մնա­ցած Ա­նա­տո­լուի մէջ հայ­կա­կան հրո­սա­խում­բե­րը քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դին դէմ սպանդ­նե­րու ձեռ­նար­կած էին զա­նա­զան ու­ժե­րու գրգռու­թիւ­նով։ Հե­տե­ւա­բար, Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը կա­րիք զգաց կարգ մը նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ ձեռք առ­նե­լու։ Այս շրջագ­ծով հայ բնակ­չու­թիւ­նը երկ­րի ա­ւե­լի հա­րա­ւա­յին շրջան­նե­րը տա­րուե­ցաւ գաղ­թի։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Թուր­քիա լա­ւա­տե­ղեակ է այդ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ապ­րուած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն։ «Մենք վախ, մտա­հո­գու­թիւն չու­նինք։ Մեր նախ­նի­նե­րը չեն տան­ջած», ը­սաւ ան։

Խա­ղա­ղու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ա­ռըն­թեր, երէկուան Ապրիլի 23-ի տօնակատարութիւններուն ընթացքին եւս պետական աւա-գանին միշտ անդրադարձաւ հայ-կական հարցին։ Ելոյթներուն մէջ ընդհանուր առմամբ զգալի էր, որ Թուրքիա հայկական հարցին շուրջ վերստին կը շեշտադրէ իր վաղեմի մօտեցումները եւ այս պատճառով պատգամները ան-յոյս կը մնան նոր ապագայի մը համար։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015