ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ այս առաւօտ Ապրիլի 24-ին առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պատմական արարողութիւն մը։ 2015-ի մթնոլորտին մէջ այս արարողութիւնները ունեցան պատմական նշանակութիւն։ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ» կազմակերպուած արարողութիւններուն ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ընդունեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի, Սերպիոյ Նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսի, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքի բազում ներկայացուցիչներուն զօրակցութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ելոյթներով հանդէս եկան Սերժ Սարգսեան եւ հիւր չորս նախագահները, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետը։
Յուզիչ երաժշտութեան մթնոլորտին մէջ իրականացուեցաւ ոգեկոչման արարողութիւնը, որու ընթացքին օտար հիւրերուն ուղեկցեցան մանուկներ։
Միջազգային գետնի վրայ հայկական հարցի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա այս տարի օր մը կանուխ հրապարակեց Ապրիլի 24-ի աւանդական պատգամը եւ ինչպէս արդէն հրապարակուած էր, բովանդակութեան մէջ չօգտագործեց ցեղասպանութիւն բառը։
Թուրքիոյ մէջ լայն արձագանգ գտած են նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ Նախագահ Եոախիմ Կաուքի ելոյթները։ Փութին ցեղասպանութեան որակումը օգտագործելով արտայայտուած է 1915-ի դէպքերուն շուրջ։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այս առթիւ նշած է, թէ այս երեւոյթը թէեւ ցաւ պատճառած է իրենց, սակայն գործնականին մէջ չունի արժէք մը։
Իսկ Գերմանիոյ Նախագահ Կաուք երէկ Պերլինի Մայր տաճարին մէջ ոգեկոչման արարողութեան մը մասնակցեցաւ եւ յայտնեց, թէ հայոց ենթարկուած ցեղասպանութեան շրջագծով պատասխանատուութիւն կը վիճակի իր երկրին։ «Եթէ յանցանք մը ունինք, ապա պէտք է հաշուեյարդար կատարենք», ըսաւ Կաուք, որ մեղադրեց Երիտ թուրքերը։ Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին ոգեկոչուեցան նաեւ ասորիները եւ Պոնտոսի յոյները։
Բաց աստի, Գերմանիոյ խորհրդարանի այս առաւօտեան նիստն ալ սկսաւ նոյն օրակարգով։ Պունտեստակի նախագահ Նորպերտ Լամմերտ ալ իր ելոյթին մէջ ցեղասպանութիւն որակեց ապրուածները։