ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՇԱՏ ԲԱՆ ԿԸ ՓՈԽԷ»

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան բա­ցա­ռիկ հար­ցազ­րոյց մը տուած է «Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թին, ո­րու թղթա­կի­ցը Ճան­սու Չամ­լը­պէլ այս օ­րե­րուն կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այ­սօր «Հիւր­րի­յէթ»ի մէջ գրե­թէ ամ­բողջ էջ մը յատ­կա­ցուած է այս հար­ցազ­րոյ­ցին, ո­րու ամ­բող­ջա­կան տար­բե­րա­կը զե­տե­ղուած է նաեւ թեր­թի հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջին վրայ։ Սերժ Սարգ­սեան այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րած է, թէ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան սահ­մա­նի բա­ցու­մը շատ բան կը փո­խէ, ո­րով­հե­տեւ կ՚ա­պա­հո­վէ վստա­հու­թեան մթնո­լորտ մը։

Ան իր խօս­քե­րուն մէջ յստակ տա­րան­ջա­տած է ժո­ղո­վուր­դը, հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եւ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Ան հա­-մոզուած է, թէ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զգա­ցա­կան եւ ոչ-դի­ւա­նա­գի­տա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նով մը պե­տա­կան մա­կար­դա­կով յա­ռաջ կը տա­նին հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ այս­պէ­սով կը ստանձ­նեն Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած յան­ցա­գոր­ծու­թեան պա­տաս­խանատուու­թիւ­նը։ Ե­թէ Թուր­քիա հա­մա­միտ չէ այս տե­սա­կէ­տին, ե­թէ հա­մա­միտ չէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ, ա­պա սա ոչ թէ մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, այլ Թուր­քիոյ խնդիրն է։

Սերժ Սարգ­սեան շեշ­տած է, որ Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նէն կ՚ակն­կա­լէ գի­տա­կից վե­րա­բեր­մունք մը եւ ճշմա­րիտ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։

Սարգ­սեան հա­մո­զուած է, թէ Ապ­րի­լի 24-ին Չա­նաք­քա­լէի մէջ կա­տա­րուած ո­գե­կո­չում­նե­րը զո­հուած մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յե­րու յի­շա­տա­կին նկատ­մամբ ա­նար­գանք մըն է՝ ան­կախ այն հան­գա­ման­քէն, թէ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ինչ­պէս կը բնո­րո­շեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ «Ե­թէ Թուր­քիա դոյզն իսկ փա­փաք ու­նե­նար յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, հան­դի­սու­թիւն եւ փա­ռա­տօն չէր կազ­մա­կեր­պեր այն նոյն օ­րը, երբ հա­րե­ւա­նի բնա­կա­րա­նին մէջ սուգ կը պա­հուի», ը­սած է Սարգ­սեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015