ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆԹԱՔՈՅՑ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պնդեց, որ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր Հայաստան կը խախտէ՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան՝ փոխադրական կապ տրամադրելու վերաբերեալ դրոյթները։
Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, ինչ որ նախապայման է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար։
Արմատական մօտեցումները անթաքոյց բանաձեւելու ժամանակ Իլհամ Ալիեւ նշեց, որ Հայաստան պէտք է հրաժարի նաեւ Արարատ լեռը՝ որպէս խորհրդանշան օգտագործելէ։ Ան համոզուած է, թէ հայկական կողմը պէտք է ցամաքային կապ ապահովէ Ատրպէյճանի արեւելեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանին միջեւ։
Իլհամ Ալիեւ այս բոլորը հնչեցուց երէկ՝ տարեվերջին Պաքուի մէջ նախատեսուած «COP-29» բնապահպանական համաժողովին ընդառաջ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին։
«Հայերը պէտք է փոխեն իրենց Սահմանադրութիւնը։ Ես այս բանը չեմ ըսեր այն պատճառով, որ կը փափաքիմ խառնուիլ այլ երկրի մը ներքին գործերուն։ Ես սա կ՚ըսեմ, որովհետեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ յիշատակուած է Անկախութեան հռչակագիրը, ուր ալ, իր հերթին, գրուած է, որ այսպէս կոչուած Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի մասն է։ Ինչպէ՞ս մենք կրնանք խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, երբ անոնք Սահմանադրութեան մէջ նման յիշատակում մը ունին։ Այնպէս որ՝ ես կ՚ըսեմ, որ անոնք պէտք է փոխեն Սահմանադրութիւնը ո՛չ թէ որովհետեւ ես կոպիտ եմ եւ ամբարտաւան, այլ որովհետեւ սա նախապայման է», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ կատարուելիք միակ փոփոխութիւնը պէտք չէ ըլլայ այս մէկը։ Արդարեւ, նոյնն է նաեւ ազգային խորհրդանշանի՝ Արարատ լերան պարագան։ «Այդ մէկը պէտք է փոխուի։ Անոնք Հայաստանի մէջ բազմաթիւ այլ լեռներ ունին, թող անոնցմէ մէկը պատկերեն», ըսաւ Ալիեւ եւ հերթական անգամ խօսեցաւ Զանգեզուրի միջանցքին մասին։ Ան պնդեց, որ Երեւան պարտաւոր է կատարել 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտը։
«Ինչ կը վերաբերի Զանգեզուրի միջանցքին, ապա, ճիշդ է, որ 2020 թուականին ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան թեքստին մէջ այդ բառակապակցութիւնը չէ յիշատակուած, սակայն, կ՚ըսուի, որ պէտք է փոխադրութեան հաղորդակցութիւն ըլլայ Ատրպէյճանի արեւելեան հատուածի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ եւ Ռուսաստանի սահմանապահ ծառայութիւնը պէտք է վերահսկէ այդ ուղին։ Այդ մէկուն տակ ստորագրած են նախագահ Փութինը, վարչապետ Փաշինեանն ու ես։ Այժմ, սակայն, Հայաստան արդէն աւելի քան երեք տարիէ ի վեր կ՚ոտնահարէ այդ կէտը, բայց չէ՞ որ սա իրենք ստորագրած են։ Այժմ անոնք կը փորձեն ազատուիլ այդ կէտէն։ Սա, սակայն, անհնար է», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը կ՚արգելափակէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ ցամաքային ուղիի կառուցումը։ Իր խօսքով, սա շատ հիասթափեցնող պահուածք մըն է։ «Ինչպէ՛ս ստորագրուած է եռակողմանի յայտարարութիւնը՝ այլ պատմութիւն է, ի՛նչ պայմաններու մէջ այդ մէկը ստորագրուած է՝ բոլորը գիտեն, բայց այնտեղ Հայաստանի վարչապետի ստորագրութիւնը դրուած է ու այդ մէկը պէտք է յարգել», նշեց Ալիեւ։
Բաց աստի, Ատրպէյճանի նախագահը առաջին անգամ մեկնաբանեց Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի շրջանի սահմանագծին գտնուող չորս գիւղերու տարածքներու՝ իր երկրի յանձնման գործընթացը։ Ան ընդգծեց, որ սահմանազատումը հնարաւոր դարձած է որեւէ երրորդ կողմի միջամտութեան բացառման շնորհիւ։ «Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ այժմ մեր սահմանին, ցոյց կու տայ, թէ երբ մեզ մինակ կը թողուն եւ ոեւէ մէկը չի փափաքիր օգտագործել այս իրավիճակը իր քաղաքական յաւակնութիւններուն համար, ապա մենք աւելի արագօրէն կարող ենք համաձայնութեան գալ», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ այսօր կը խօսուի նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ պահանջուած չորս անքլաւային գիւղերու մասին։ Իր խօսքով՝ այս հարցը պէտք է լուծուի սահմանազատման ընթացքին։ Անդրադառնալով խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին՝ Ատրպէյճանի նախագահը պնդեց, թէ սա այսօր աւելի քան իրատես է։ «Առարկայական բանակցութիւնները նոր-նոր կը սկսին։ Անոնց յաջող աւարտին համար ժամանակ եւ քաղաքական կամք պէտք է։ Մենք այժմ ընդհանուր ըմբռնում ունինք, թէ ի՛նչ տեսք պէտք է ունենայ խաղաղութեան պայմանագիրը։ Պարզապէս հարկաւոր է մանրամասնութիւններու մշակման ուղղութեամբ աշխատիլ։ Երկու կողմերուն ալ ժամանակ պէտք է։ Ամէն պարագայի, կը կարծեմ, թէ Պաքուն եւ Երեւանը դեռ երբեք խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման այսքան մօտ չեն եղած», վստահեցուց Ալիեւ։
Ի լրումն այս բոլորին, Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուց, որ Ղազախիստան պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը հիւրընկալելու համար՝ որպէս միջնորդ։ Պաքու հաւանութիւն տուած է Աստանայի այդ առաջարկին եւ այժմ կը սպասուի Երեւանի արձագանգին։