ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ, ՈՐ ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂԷ ԻՐ ՍԽԱԼԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ատրպէյճանէն խումբ մը լրագրողներ հիւրընկալելու ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այս առթիւ հերթական անգամ անդրադարձաւ «Նեմեսիս»ի յուշարձանի հարցին։ Չավուշօղլուի խօսքով՝ այս կապակցութեամբ Անգարա կ՚ակնկալէ, թէ Երեւան ուղղէ իր սխալը։ Նախարարը անընդունելի քայլ որակեց այդ յուշարձանին բացումը՝ յիշեցնելով, որ Անգարա Երեւանի հետ երկխօսութեան համար որեւէ նախապայման յառաջ չէ քշած։ «Մենք հայկական կողմին չենք ըսած՝ հրաժարեցէք շինծու ցեղասպանութենէն եւ այդ ժամանակ մենք որոշ քայլերու կը ձեռնարկենք։ Երեւանն ալ իրաւունք չունի թելադրելու իր պայմանները», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով յուշարձանին՝ Չավուշօղլու շարունակեց. «Սա անընդունելի քայլ մըն է։ Մենք շարք մը պատասխան միջոցներ ձեռք առած ենք՝ Հայաստանի համար փակելով օդային մարզը դէպի երրորդ երկիրներ թռիչքներու համար։ Այսօր մենք կ՚ակնկալենք, որ Երեւան ուղղէ այս սխալը»։

Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտած են Չավուշօղլուի խօսքերը։ Անթալիայի մէջ Ատրպէյճանէն եկած լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Չավուշօղլու յայտնած է, որ Հայաստանի, Երեւանի մէջ, անցեալին «Ատրպէյճանցի մեր եղբայրները, Օսմանեան շրջանին մեր զինուորներն ու դիւանագէտները նահատակած ահաբեկիչներու համար արձանի մը տեղադրուիլը անընդունելի քայլ մըն է»։ Բաց աստի, նախարարը շեշտած է, որ Ատրպէյճան ազատագրած է Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքները եւ տարածաշրջանի ժողովուրդն ալ կ՚ուզէ այլեւս խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրիլ։ Ան յիշեցուց, որ Ատրպէյճան պատրաստ է խաղաղութեան եւ առաջարկած է համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը։ Ուստի, այդ համաձայնութեան նախագծին շուրջ պէտք է ժամ առաջ բանակցիլ եւ այդ մէկը ստորագրել։ «Մենք Կովկասի, Հարաւային Կովկասի մէջ մշտական խաղաղութիւն կ՚ուզենք։ Ատրպէյճանի այս քայլերը կը խրախուսենք։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առնուելիք դրական քայլերն ալ կը քաջալերենք։ Մենք ալ այս գործընթացին սատարելու համար Հայաստանի հետ կարգ մը քայլեր առինք, յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակեցինք», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի շահերը կը կարեւորէ ո՛չ միայն այս տարածաշրջանին մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհի վրայ։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ եթէ Հայաստան չուղղէ իր սխալը, յուշարձանի պարագային, ապա Թուրքիա կարգ մը քայլեր պիտի առնէ։ «Բայց այստեղ մշտական խաղաղութեան համար Հայաստանն ալ պէտք է անկեղծ ըլլայ։ Պէտք է հրաժարիլ Լաչինի միջանցքէն ներս խափանարարութիւնները։ Պէտք է հրաժարիլ դէպի Ղարաբաղ զարտուղի զինուոր կամ զինամթերք ուղարկելու նման գործողութիւններէ, խափանարարութիւններէ», մատնանշեց Չավուշօղլու եւ կրկնեց, որ Թուրքիա միշտ Ատրպէյճանի կողքին եղած է, երբեք Ատրպէյճանը առանձին չէ թողած ու պիտի չթողու։ Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները օրինակելի են աշխարհի համար։ Այդ յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակի բարձրանալուն մէջ մեծ բաժին ունին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Նախարարը մէջբերեց նաեւ Հայտար Ալիեւի եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի խօսքերը, որոնց ի շարունակութիւն բացատրեց, որ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը օրէ օր կը խորանան եւ միայն անձնագիրով ճամբորդութիւնները սկսած են։

Թուրքիա թրքական աշխարհի ամրապնդման համար նախաձեռնած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան հիմնադրութիւնը։ Իր խօսքով՝ այս պահուն Եւրոպան բնական կազի, Ատրպէյճանի բնական կազին կարիք ունի։ «Անոնք, որոնք անցեալին Ատրպէյճանի տեղը չէին գիտեր, այժմ սկսած են Պաքու երթալ։ Սկսած են կազ պահանջել։ Անոնք, որոնք Ատրպէյճանի երեսը չէին նայեր, այժմ սկսած են ըսել, որ Ատրպէյճան լաւ երկիր մըն է եղեր եւ Ալիեւն ալ շատ լաւ ղեկավար մը։ Սա շահերու աշխարհ է։ Թէ ի՞նչն է կարեւորը մեզի համար։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահը։ Ի՞նչ կրնանք ընել մեր ժողովուրդի բարգաւաճման համար։ Մենք այս բանը մտածելով կ՚առնենք մեր քայլերը։ Այս պատճառով մենք պէտք է բարձրացնենք ԹԱՆԱՓ խողովակաշարին տարողութիւնը», շեշտեց նախարարը։

Հուսկ, Չավուշօղլու աւելցուց, որ նախագահ Էրտողան վերընտրուելու պարագային առաջին այցելութիւնները պիտի տայ դէպի Ատրպէյճան եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023