ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿ
Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացը կը շարունակուի թափով՝ մինչ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ուշադրութիւնն ալ կը շարունակուի։ Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ որոշ գործընթաց մը կը հասուննայ, սակայն, տակաւին օրակարգի վրայ են լուրջ տարակարծութիւններ, որոնց առանց յաղթահարման անկարելի պիտի ըլլայ վերջնական բնականոնացումի մը մասին։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս կապակցութեամբ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին։ Ան մեկնաբանած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ղեկավարներուն միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման համար Դամասկոսէն յառաջ քշուած նախապայմանը, ըստ որու թուրք զինուորները պէտք է Սուրիայէն ետ քաշուին։ Անգարա այս փուլին անկարելի կը համարէ այսպիսի քայլ մը։ Չավուշօղլուի խօսքով՝ Սուրիոյ մէջ բուն սպառնալիքն է ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը եւ Թուրքիա այս վտանգը կը չէզոքացնէ՝ այնտեղ զինուոր պահելով։
«Այս պահուն մեր ետ քաշուիլը կը նշանակէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու այդ շրջանէն ներս տեղակայումը։ Առանց համաձայնութեան մը այդ շրջանին պարպուիլը պիտի նշանակէ բախում։ Եւ բախումը կը նշանակէ դէպի Թուրքիա յաւելեալ գաղթի մը բեռը։ Մենք այնտեղ գտնուելով թէ՛ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական միջանցքի մը ձեւաւորումը կը կանխենք եւ թէ Սուրիոյ սահմանն ու տարածքային ամբողջականութիւնը կ՚երաշխաւորենք։ Բացայայտօրէն կ՚ըսենք, թէ մենք ձեր տարածքային ամբողջականութիւնն ալ կը խրախուսենք։ Բուն սպառնալիքը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի շրջանին մէջ է, ուր կը գտնուի ՓՔՔ-ԵՓԿ-ն։ Այս բանը անոնք ալ կ՚ընդունին։ Սուրիոյ մէջ երբ հաստատուի կայունութիւն, երբ վերահսկողութիւն հաստատուի մեր գտնուած անվտանգ շրջաններէն ներս, այդ ժամանակ կ՚ըլլայ իրենց ըսած այդ բանը։ Անշուշտ, սա ամենէն վերջը ըլլալիք բանն է», յայտարարած է Չավուշօղլու։