ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԷՏՔ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱՐԳԱՒՈՐԷ»
Նախկին վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու, որ ներկայիս կը գլխաւորէ ընդդիմադիր «Gelecek» կուսակցութիւնը, յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան համոզուած է, թէ Անգարա պէտք է արագօրէն կարգաւորէ իր յարաբերութիւնները Երեւանի հետ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը պէտք է բացուի եւ երկու երկիրները փոխադարձաբար դեսպանութիւններ պէտք է հաստատեն իրարու մայրաքաղաքներուն մէջ։
Ահմէտ Տավուտօղլու դիտել տուաւ, որ Թուրքիա ճիշդ ընթացքի հետեւած է Ատրպէյճանին աջակցելով Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ, սակայն, միեւնոյն ատեն, այնուամենայնիւ պէտք է յարաբերութիւնները կարգաւորէ Հայաստանի հետ։
Ի լրումն այս բոլորին Տավուտօղլու նշած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ հրդեհը պէտք չէ տարածուի դէպի Կովկաս։
Հարկ է յիշեցնել, որ 2009 թուականի հոկտեմբերին, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններուն տակը կը գտնուէին այդ շրջանի երկու արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Ահմէտ Տավուտօղլուի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի անունները։ Այդ ժամանակուայ գործընթացի սկիզբին Տավուտօղլու նախ վարչապետի խորհրդական էր, ապա արտաքին գործոց նախարար դարձաւ եւ այդ ժամանակաշրջանին զուգադիպեցաւ արձանագրութիւններու ստորագրումը։