Կիրակի 18, Մայիս 2025
ՊԱՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Ես հայ եմ» խորագրեալ պարի ցուցադրութիւն մը։ Սա Prof-Art պարային աշխատանոցի 2021-2022 շրջանի եզրափակիչ ելոյթն էր։ Հարկ է նշել, որ այս աշխատանոցի հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Տիգրան Մնոյեան։
«Այս ժամանակներուն շատ կարեւոր է հայապահպան գործունէութիւնը եւ պարարուեստը լաւագոյն միջոցներէն մին է մատաղ սերունդի մէջ սերմանելու համար հայապահպանութիւնը։ Պարարուեստը այն միջոցներէն է, որով երեխան կրնայ ծանօթանալ հայոց պատմութեան։ Սա թաքնուած է «Ես հայ եմ» խորագրի ետեւը», ըսաւ ան։
Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022