ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՊԵԹՈՆԷ ՊԼՈՔՈՎ ՄԸ ՓԱԿԱԾ Է ԱՐՑԱԽ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻԱԿ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Արցախի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները օրէ օր կը խորանան ու կը հասնին անհաւատալի համեմատութիւններու։ Ատրպէյճան կը ձգտի սիսթեմաթիք ձեւով խորացնել Արցախի պաշարումը։ Երէկ, հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճան արդէն պեթոնէ պլոքով մը վերջնականօրէն արգելափակած է Լաչինի միջանցքը։ Այսպէսով արդէն արգելապատնէշ մը գոյութիւն ունի Արցախն ու Հայաստանը իրարու միացնող միակ ճանապարհին վրայ, ինչ որ միջազգային շահագրգիռ դերակատարներու առաջնահերթ ուշադրութեան կ՚արժանանայ։

Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել, ինչպէս կ՚ըլլայ ամիսներէ ի վեր։ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ։ Նախարարութեան կողմէ այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ուղղուի, որպէսզի կանխուին Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններն ու էթնիք զտումները։

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց այս վերջին դէպքին։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին արգելափակումը կը համարուի՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան խախտում։

Մինչ յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի յետաձգեալ բանակցութիւնները, այժմ ստեղծուած կացութիւնը իսկապէս շատ բարդ է։ Յամենայնդէպս, Ճէյհուն Պայրամով երէկ տեղեկացուց, որ Պաքու կը մերժէ Ղարաբաղի հայերուն անվտանգութեան յաւելեան երաշխիքներ տրամադրելու ուղղեալ Երեւանի պահանջը։

Միւս կողմէ, Արցախի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճան Բերձորի Սուրբ Համբարձման հայկական եկեղեցին արդէն կը վերածէ մզկիթի։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023