ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրէն ներս, Բանկալթի, կատարուած շինարարութեան շուրջ արդէն նոր բացայայտումներ օրակարգի վրայ կու գան եւ վերջին շրջանին հանրային կարծիքի սեփականութիւնը դարձած գայթակղութիւնը հետզհետէ կը խորանայ։
Ինչպէս ծանօթ է, Մխիթարեան վարժարանի նորընտիր մատակարար մարմինը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ռաֆֆի Ալիքի, վերջին շրջանին հանրային կարծիքը մանրամասնօրէն կը լուսաբանէ այս նորակառոյց շէնքին հաստատութեան վիճակած բաժնի արժեւորման եղանակներուն շուրջ։ Մօտաւոր անցեալին դպրոցին մէջ տեղի ունեցած էր մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին այժմու մատակարար մարմինը անցեալի գործունէութեան՝ մանաւանդ վաքըֆին վիճակած կալուածին համար կնքուած վարձակալութեան համաձայնագրին կապակցութեամբ օրակարգի վրայ բերած էր լուրջ քննադատութիւններ, որոնց դէմ ալ նոյն հաւաքոյթին ընթացքին նախկին մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Գամառ տուած էր իր լուսաբանութիւնները։ Այդ հաւաքոյթի ընթացքին այնպիսի զգայացունց տեղեկութիւններ հրապարակուած էին, որ յաջորդող ժամանակաշրջանին խնդիրը վերածուեցաւ բանավէճի մը։ Մասնաւորապէս նախկին մատակարար մարմնի անդամները զանազան հարթութիւններու վրայ հերքումներով եւ պատճառաբանութիւններով հանդէս գալ փորձեցին։ Բնականաբար, այս բոլորը կը ստեղծեն նաեւ մեղադրանքներու տպաւորութիւն։
Երէկ, Մխիթարեանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք հերթական անգամ տուեալներ տրամադրեց մամուլին, որոնք իսկապէս կ՚ապացուցանեն, թէ որքան ցաւալի կացութիւն մը յառաջացած է։ Արդարեւ, նախկին մատակարար մարմինը նորակառոյց շէնքի վարձակալութեան պայմանագիրը կնքելու ժամանակ բացարձակապէս հաշուի չէ առած փաստաբանական մասնագիտական զգուշացումները։ Արդարեւ, վարձակալութեան պայմանագրի ստորագրումէն առաջ հեղինակաւոր իրաւաբան Ֆեհմի Տեմիր խորհրդածութիւն մը ներկայացուցած է մատակարար մարմնին՝ մշակուած նախագծին կապակցութեամբ։ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի կալուածի դատավարութեան ժամանակ ճակատագրական դեր ստանձնած մասնագէտ մըն է Ֆեհմի Տեմիր, որ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի խնդրանքին ընդառաջ անվճար ձեւով ուսումնասիրած է Մխիթարեանի գործարքին բոլոր մանրամասնութիւնները եւ այդ ժամանակ պատրաստուած վարձակալութեան պայմանագրի նախագծին կապակցութեամբ տուած է իր մասնագիտական կարծիքը։ Մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք երէկ մեր նկատառման յանձնեց Ֆեհմի Տեմիրի կողմէ այդ ժամանակ պատրաստուած խորհրդածութեան ամբողջական բնագիրը։ Ան ցաւ յայտնեց, որ այդ խորհրդածութեան մէջ մատնանշուած զգուշացումները բոլորովին անտեսուած են այդ ժամանակուան մատակարար մարմնին կողմէ։ Նախկին մատակարար մարմինը այդ մշակուած համաձայնագիրը դժբախտաբար ստորագրած է ներկայ վարձակալին համար եւ վարձակալութեան պայմանագիրը ներկայիս կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ։ Այս գործարքի հիման վրայ Մխիթարեանի ներկայիս ստացած վարձքը արդէն ծիծաղելի համեմատութիւններու հասած է՝ մանաւանդ տարադրամի փոխարժէքներու առկայ վիճակի լոյսին տակ։ Իրաւաբան Ֆեհմի Տեմիր տակաւին պայմանագրի ստորագրումէն առաջ զգուշացուցած է, թէ սա վարձակալութեան պայմանագրէ մը աւելի կը թուի ըլլալ կալուածի սեփականութեան իրաւունքի յանձնման փաստաթուղթ մը։ Ռաֆֆի Ալիք յայտնեց, որ այս բոլորով հանդերձ, դժբախտաբար, վարձակալութեան պայմանագիրը կնքուած է եւ այժմու մատակարար մարմինը ամբողջական պայքար կը մղէ այս իրադրութիւնը փոխելու համար։
Ստորեւ կը ներկայացնենք իրաւաբան Ֆեհմի Տեմիրի մասնագիտական խորհրդածութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ կատարուած զգուշացումները։ Հաշուի առնելով նիւթին կարեւոր բնոյթը, խորհրդածութեան եզրայանգումները կը ներկայացնենք թրքերէն բնագիրով։
Önümüzde şirket vakfına haiz olmayan bir kiracı tarafından düzenlenen bir sözleşme bulunmaktadır. Bu sözleşmenin tüm şartları kiraya veren vakıf aleyhinedir.
Kiracı 40 yıl ve ek düzenlemelerle +5 yıllık sürelerle kiralayacağı gayrimenkulün tüm hukuki haklarını talep etmekte ancak herhangi bir teminat sunmamaktadır.
Ayrıca taslak kira sözleşmesi İstanbul’un merkezinde inşaatı tamamlanmış 146 odalı bir otelin değil de iki göz bir dairenin kira sözleşmesi özensizliği ile düzenlenmiştir.
Taslak sözleşme çelişkili maddeler ve meri kanunlara aykırılıklar içermektedir.
Hukuki açıdan bakıldığında önümüzdeki taslak sözleşme, Kira sözleşmesi ile Yap İşlet Devret sözleşmeleri arasında kaldığından kafa karışıklığı yaratmaktadır ve olası ihtilafta Kiraya veren Vakfın haklarını zedeleyecek mahiyettedir.
Sözleşme taslağında akde esas aykırılıklar belirtilmemiştir.
Taraflar arasında ihtilafa yol açabilecek muğlak terimlerle doludur.
Kiraya veren Vakıftan ağır tavizler talep edilmesine sebep olarak gördüğümüz “kiralayanın başlangıçta yaptığı tamamlayıcı inşaat faaliyetinin” maliyeti, taslağı, kontrolü ve onay mekanizması kesin ve net olarak tanımlanmalıdır.
Kira artış maddesi tamamı ile Kiraya veren aleyhine düzenlenmiş olup bu şekli ile kabul edilmesi 40 yıl boyunca Vakfı zarara uğratacaktır.
Fesih maddesi daha önce değindiğimiz üzere sanki iki göz bir dairenin kira sözleşmesindeki fesih maddesi düzey ve içeriğinde düzenlenmiştir.
40 yıllık süreli sözleşmede yıllar içindeki yıpranma ve tadiller konusunda ayrıntılı düzenlemeler bulunmamaktadır.
Başlangıç ödemeleri dahi teminata bağlanmamış bu sözleşmenin imzalanması gayrimenkulün tapusunu kiralayana devretmeye eşdeğerdir.
Vakıf sözleşmeyi bu bakış açısı ile değerlendirmelidir.