ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ԱՌԿԱՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրին առջեւ ծառացած են երկու արտաքին կարեւոր մարտահրաւէրներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ՝ իր գլխաւորած «Քաղացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։ Իր խօսքով՝ կան միջազգային խաղացողներ, որոնք կը փափաքին, որպէսզի հայ ժողովուրդը շարունակ անցնի մաքառման, տառապանքներու ու գաղթի ճանապարհով եւ ստիպուած ըլլայ իրենցմէ փրկութիւն աղերսել։ «Յաջորդ արտաքին մարտահրաւէրը Ատրպէյճանն է։ Յատկապէս Ատրպէյճանն իսկ, որու ըսածը եթէ շատ կարճ ձեւակերպենք հետեւեալն է. «Դուն ինձ թոյլ չես տուեր երեսուն տարի ապրիլ, ես ալ քեզ պիտի չթողնեմ, որ դուն ապրիս ու վրէժս պիտի լուծեմ քեզմէ»։ Մնացեալ միջազգային ամբողջ իրադրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ այս երկուքի խառնուրդն է՝ տոկոսային տարբեր յարաբերակցութեամբ՝ քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս կամ վերաբերմունքն են այս երկու հայեցակարգերուն», ըսաւ վարչապետը եւ ընդգծեց, որ Երեւանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող մեծամասնութեան առաքելութիւնն է այս մարտահրաւէրներու կառավարումը։

Կուսակցական հաւաքոյթի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշեց նաեւ հետեւեալը. «Այսօր Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ բանավէճ հետեւեալ կարեւոր եւ հայեցակարգային հարցին շուրջ. ի վերջոյ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւերժական պայքարի՞ թէ ապրելու, մարդոց կեանքը, ազատութիւնը, անվտանգութիւնը եւ բարեկեցութիւնը հնարաւոր դարձնելու միջոց մըն է»։ Այս հարցադրման հիման վրայ ան շեշտեց, որ իր կուսակցութեան առաքելութիւնն է՝ կեանքի գաղափարախօսութիւնը դարձնել պետական գաղափարախօսութիւն։ «Ազատութիւն տալ մեր քաղաքացիներուն ապրելու, լաւ ապրելու մղման եւ հնարաւոր դարձնել այդ բանը, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ լաւ ապրելու մղման ազատութիւն չէ տրուած», կը դիտարկէ վարչապետը՝ շեշտելով, որ այդ գաղափարախօսութեան իրագործումը լրջագոյն մարտահրաւէրներ ունի։

«Մեր ժողովուրդի ուղերձը հետեւեալն է. կրնա՞ք արդեօք ստեղծել պայմաններ, որպէսզի ուղղակի ապրինք, պարզապէս ապրինք, այլ ո՛չ թէ գոյատեւենք։ Ժողովուրդը Հայաստանի մէջ կը փափաքի ո՛չ թէ Գողգոթայի ճանապարհով անցնիլ, այլ պարզապէս ապրիլ, երեխաներ ունենալ ու բարեկեցութիւն ստեղծել անոնց համար՝ յատկապէս, որ այս բանին համար ունի ամենակարեւոր միջոցը՝ պետութիւնը», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2024