ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Ահաբեկչական դէպքերով վերջին օրերուն իրերայաջորդ ցնցումներ ապրած Թուրքիա երէկ շարժման անցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ։ Երէկ յետմիջօրէին Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն հասան մտահոգիչ լուրեր։ Այսպէս, ԻՇԻՊ-ի կողմէ կրակ բացուեցաւ Տաղի սահմանային պահակակէտին վրայ եւ այս դէպքին հետեւանքով նահատակուեցաւ ենթասպայ Եալչըն Նանէ։ Թուրք զինեալ ուժերը անմիջապէս շարժման անցան փոխադարձ կրակ բանալով։ Առանց սահմանը հատելու բանակը լայնածաւալ ու ազդու կրակի տակ պահեց ԻՇԻՊ-ի տեղակայուած շրջանները։ Հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը անմիջապէս լարուեցաւ այս ծանրակշիռ իրադարձութեան վրայ։ Սկիզբին սահմանափակ պաշտօնական յայտարարութիւններ կատարուեցան, նաեւ կանխուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ երկիրը կը մտնէ պատերազմի մը։ Իսկ երեկոյեան ժամերուն մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ։ Այս ժողովէն վերջ, կէս գիշերին սկսան նաեւ օդային գործողութիւնները։ Թուրք զինեալ ուժերու թիրախը դարձան ահաբեկիչները՝ օդէն ու ցամաքէն իրականացուած ամենայն սաստկութեամբ ռմբակոծումներով։
Այս ծանրակշիռ հարուածներու մթնոլորտին մէջ հաղորդումներ կատարուեցան նաեւ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համագործակցութեան մասին։ Այսպէս, թրքական կողմը հաւանութիւն տուած է, որպէսզի ԱՄՆ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարելու համար օգտագործէ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը. բան մը, որու համար երկար ժամանակէ ի վեր կը տատամսէր թրքական կողմը։ Փենթակոնի իրաւասուներէն մին «Րէօյթըրզ»ին յայտարարեց, թէ սա այնպիսի քայլ մըն է, որ փոփոխութեան կ՚ենթարկէ խաղի կանոնները։ Ասոր փոխարէն, Սուրիոյ սահմանին վրայ կը ստեղծուի թռիչքներու համար փակ գօտի մը, ինչ որ երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ակնկալուէր Անգարայի կողմէ։
Միւս կողմէ, այս առաւօտ Թուրքիոյ 13 քաղաքներուն մէջ անվտանգութեան ուժերը բազմահազար ոստիկաններու մասնակցութեամբ գործողութիւններու ձեռնարկեցին՝ ԻՇԻՊ-ի, ՓՔՔ-ի եւ այլ ձախակողմեան կազմակերպութիւններու դէմ։ Աւելի քան 250 հոգի առնուած է հսկողութեան տակ։