ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ «ՌԱՏԻՕ ԱՅԳ» ԱՌՑԱՆՑ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէ ներս գործող «Ռատիօ Այգ»ի հիմնադիր Շաքէ Մանկասարեանն ու իր քոյրերը՝ Սեդա եւ Լուսին Մանկասարեանները։ Այս ռատիոյի խորհուրդի միւս անդամներն ալ ներկայ էին ընդունելութեան։ Հրանոյշ Յակոբեան «Ռատիօ Այգ»ի ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ իր մօտ էին Գանատայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» ազգային շաբաթօրեայ վարժարանի սաները՝ գլխաւորութեամբ դպրոցի փոխ-տնօրէն Արա Տէր-Յարութիւնեանի։
Այս առթիւ Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց «Ռատիօ Այգ»ի գործունէութիւնը հայապահպանութեան եւ ազգային արժէքներու տարածման առումով։ «Առանց նիւթական շահ հետապնդելու, սիրելի Շաքէ, դուք եւ ձեր ամբողջ անձնակազմը ջանք, ժամանակ ու մեծ եռանդ կը ներդնէք հայ ազգային արժէքներու պահպանութեան, Սփիւռքի մէջ երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան կարեւոր գործին մէջ», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս ձայնասփիւռի կայանը յաջողութեամբ կը համագործակցի Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» առցանց թերթին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն հետ։ Այս վերջիններուն որպէս օրինակ նախարարը թուարկեց «Երկիր մետիա» եւ «Արմէնիա» հեռուստակայանները, Հայաստանի Ազգային ռատիոն։ Ըստ իրեն, այսպէսով արեւմտահայ լեզուն կը սփռուի Հայաստանի մէջ, իսկ արեւելահայերէնը՝ Սփիւռքի հայ համայնքներէն ներս։
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ի դէպս Մանկասարեան քոյրերուն «Ռատիօ Այգ»ին յանձնեց մրցանակ մը՝ հայապահպանման գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար։
Շաքէ Մանկասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս բարձր գնահատանքին կապակցութեամբ ու նշեց, որ Հայաստան այցելութիւնը եւ այս մրցանակը նոր խթան մը պիտի հանդիսանան «Ռատիօ Այգ»ի ամբողջ աշխատակազմին համար՝ առաւել ոգեշնչուած ու արդիւնաւէտ աշխատանքը տեւականացնելու համար։ Ըստ Շաքէ Մանկասարեանի, իրենց առցանց ձայնասփիւռի կայանը կը գործէ 2011 թուականէն ի վեր։ Իրենց սփռումները կ՚ընդգրկեն Սփիւռքի եւ Հայաստանի օրակարգին վերաբերեալ լրատուութիւններ, քաղաքական, հոգեւոր, մշակութային հաղորդումներ, հարցազրոյցներ։ Բնականաբար կայ նաեւ երաժշտութիւն, որու շրջագծով առաւելագոյն տեղը կը յատկացուի հայկական ազգային երգարուեստին՝ ժողովրդական, աշուղական, գուսանական ու բնականաբար դասական։
Խորհուրդի անդամներն ալ դրուատիքով արտայայտուեցան Շաքէ Մանկասարեանին ու «Ռատիօ Այգ»ի մասին։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարութեան ու մանաւնդ Հրանոյշ Յակոբեանի ջերմ ընդունելութեան ու գնահատանքին համար։ Հիւրերը հաւաստիացուցին, որ սիրով ու նոր լիցքով պիտի շարունակեն Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղեալ առցանց ձայնասփիւռի գործունէութիւնը։